Առաջնորդարանէն

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, այցելեց «Եդուարդ Պոյաճեան» դպրոցը, ուր մրցանակներ յանձնեց հայագիտական առարկաներու երեք լաւագոյն աշակերտներուն եւ լաւագոյն դաստիարակին։

1961-ին հիմնուած թիւ 121 հիմնական դպրոցը կը գտնուի Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասին մէջ եւ ունի 465 աշակերտ։ 1994-ին վերանուանուած է սփիւռքահայ գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեանի (1915-1966) անունով եւ կը գտնուի անոր ընտանիքի հովանաւորութեան տակ՝ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հաստատուած «Հրայր եւ Մարգարիտ Պօյաճեան» հիմնադրամի միջոցով։

«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, դոկտ. Մատթէոսեան հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Գոհար Զաքարեանին, եւ դպրոցի ուսուցչական կազմին, ու շրջեցաւ դպրոցը, իրազեկ դառնալով անոր կրթական առօրեային ու ներկայ վիճակին։ Տարիներէ ի վեր աշակերտներուն յանձնուող մրցանակը երկու տարի առաջ ընդլայնուած է, ընդգրկելու համար լաւագոյն ուսուցիչը։

Դոկտ. Մատթէոսեան՝ Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Գոհար Զաքարեանին։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ տեսչարանին մէջ, ուսուցիչներու, մրցանակակիրներու ու ծնողներու մասնակցութեամբ։ Դոկտ. Մատթէոսեան  յանձնեց Պոյաճեան ընտանիքի տրամադրած մրցանակները հայագիտական նիւթերու լաւագոյն յառաջդիմութիւնը ցուցաբերող երեք աշակերտներուն՝ Սարգիս Պօղոսեան (8-րդ դասարան, Ա. մրցանակ), Լեւոն Մաթեւոսեան (9-րդ դասարան, Բ. մրցանակ) եւ Մանէ Մարտիրոսեան (8-րդ դասարան, Գ. մրցանակ), ինչպէս եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի՝ տիկ. Լալա Խուդավերդեանին։Ան շնորհաւորեց աշակերտները իրենց բացառիկ նուիրումին համար եւ խրախուսեց զանոնք, որ իրենց ջանքերով դառնան վաղուան մեր յոյսը, մաղթելով, որ անոնք շարունակեն զարգացնել հայոց լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան իրենց գիտելիքները, անկախաբար իրենց կրթական ապագայ կեանքի ուղղութենէն։ Ան նաեւ գնահատեց տիկ. Խուդավերդեանի աշխատանքը՝ աշակերտներուն ուղղութիւն տալու լեզուի ու գրականութեան բնագաւառներուն մէջ։

Հիւրասիրութենէ մը ետք, այցելուները շրջեցան դպրոցի տարբեր դասարաններ եւ քննեցին վերանորոգման աշխատանքները, որոնք կատարուած են «Պօյաճեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։