Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային 39-րդ տարեկան լսարանը տեղի ունեցաւ 6-13 Յուլիսին, Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Անկասկած, անոր մնայուն ազդեցութիւնը զգալի պիտի ըլլայ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած լսարանի 58 պատանի մասնակիցներու կեանքին մէջ։ Ինչպէս գրած է անոնցմէ մէկը, «ասիկա իմ երկրորդ տարիս ըլլալով, անդրադարձայ, որ «Տաթեւ» պարզ ճամբար մը չէ, այլ վայր մը, ուր հաւատքը, բարեկամութիւնն ու զուարճութիւնը քով-քովի կու գան լաւագոյն կերպով»։

Այս տարուան մասնակիցներու անգլերէն տպաւորութիւնները կարդացէք այստեղ։