ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԻ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ» ՀԱՏՈՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, անցեալ 16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան հովանաւորած 2025-ի գրական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը Գրողներու Միութեան մէջ։ Այդ առիթով ներկայացուեցաւ «Յանուն հայի յարատեւման» հաւաքածոն, որ կը պարուակէ այն գործերը, որոնք պարգեւատրուած էին 2024-ի մրցանակաբաշխութեան։ 322 էջնոց գիրքը լոյս տեսած է «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան հրատարակութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ Էդուարդ Միլիտոնեանի ներածական խօսքերէն ետք, ներկայացուած են հետեւեալ 13 հեղինակներուն գործերը՝ Ֆելիքս Բախչինեան (յետմահու հրատարակուած), Գուրգէն Խանջեան, Պերճուհի Աւետեան, Ալիսա Յովհաննիսեան (արձակ), Հերմինէ Աւագեան, Վահան Անդրէասեան, Հայկ Սիրունեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան-Սայատեան, Ռոբերտ Եսայեան (բանաստեղծութիւն), Սամուէլ Կոսեան, Նարինէ Կռոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան եւ Սաթենիկ Ղազարեան (մանկա-պատանեկան գրականութիւն)։