Featured, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս. ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿԸ՝ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած անձնական նամակով, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնած է, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկու Սրբազան Հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուած է իր գահակալութեան առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, եւ այս առիթով սրբազան հայրերը իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնած էին իրեն: Երեւոյթ մը, որ շօշափելի արտայայտութիւն մըն է քրիստոնէական եղբայրութեան ու հաւատքի միութեան, իր նամակին մէջ շեշտած է Պապը:

Նոյն նամակին մէջ, Պապը իր յանձնառութիւնը յայտնած է՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ գործակցելու, ինչպէս բոլոր հոգեւոր պետերուն, եկեղեցւոյ միութեան ամրապնդման եւ ազգերու միջեւ գործակցութեան ու համակեցութեան ամրացման համար՝ բաժանումներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ:

Ինչպէս յայտնի է, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Առաջնորդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնեը ներկայացուցած էին Պապի գահակալութեան առիթով անցեալ Մայիսին