ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՕՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 104-րդ տարեկան Շրջանային Ժողովին, որ գումարուեցաւ Տիթրոյթի մէջ, 31 Յուլիսէն մինչեւ 2 Օգոստոս։ Բացման նիստին, Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, սիրոյ ջերմ ողջոյնով շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին 115-ամեակը, որ աշխարհածաւալ իր մասնաճիւղերով բարեբեր անձրեւի նման հայ կեանքը ոռոգած է բարեսիրական, մշակութային, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄ-ի եւ Ազգային Առաջնորդարանի գործակցութիւնը, մասնաւորապէս վերջին տարիներուն յաջողցնելով ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրը, որ առիթ ընծայեց ուսուցիչներու ուսուցման մեթոտի եւ հայագիտական մեթոտներու թարմացումը։ Այնուհետեւ, խմբական նկարէն ետք, ժողովը շարունակեց իր ընթացիկ նիստերը։