News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐԸ
Ուրբաթ, 8 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց «Շուշանիկ» ճամբարը, որ 4-8 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) կազմակերպութեամբ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի գլխաւորութեամբ։ Ճամբարին 42 հոգի մասնակցեցան, 15 հոգինոց անձնակազմի օժանդակութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մասնակիցները, գնահատելով դաստիարակչական այս ձեռնարկին կազմակերպումը եւ անձնակազմին յանձնառութիւնը։