Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ս. ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 21 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի Ս. Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն դոկտ. Մայքլ Պասուսի այցելութիւնը։ Դոկտ. Պասուս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուց ընկերութեան նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «Սերտենք Նոր Կտակարանը» խորագրով։ Այս հատորը բաղկացած է հովուական նոթերէ Նոր Կտակարանի մասին, ընդհանուր խմբագրութեամբ լուսահոգի Գերպ. Պութրոս Ֆղալիի, զոր արաբերէնէ հայերէն թարգմանած է Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու, Օշական Արքեպիսկոպոսի վերահսկողութեամբ։