
News
ՄԵԼԻՍԵՆՏ ԹԱԳՈՒՀԻ (մահ՝ 11 Սեպտեմբեր, 1161)

Մելիսենտ Երուսաղէմի լատինական թագաւորութեան առաջին թագուհին եղած է 12-րդ դարուն։
Ապագայ թագուհին չորս քոյրերու անդրանիկը եղած է եւ ծնած՝ 1105-ի շուրջ։ Հայրը՝ Եդեսիոյ կոմս Պոլտուինը, ամունացած էր Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարած Մալաթիոյ հայ իշխան Գաբրիէլի աղջկան՝ Մորֆիայի հետ։
1118-ին կոմս Պոլտուին դարձած է Երուսաղէմի թագաւոր իբրեւ Պոլտուին Բ., եւ իր կինն ու դուստրերը փոխադրած է Սուրբ Քաղաքը։ Մօր մահէն ետք (1126), Մելիսենտ նշանակուած է արքայական ժառանգորդ եւ 1129-ին ամուսնացած է Անժուի (Ֆրանսա) կոմս Ֆուլքի հետ։ 1130-ին ծնած է իրենց անդրանիկ որդին՝ ապագայ Պոլտուին Գ. թագաւորը (1143-1162)։ Իր մահուան ժամանակ, Պոլտուին Բ. կառավարութեան մասնակից դարձուցած է թէ՛ Ֆուլքը, թէ՛ Մելիսանտը եւ թէ՛ անոնց որդին։ Ֆուլքն ու Մելիսանտը գահ բարձրացած են 1131-ին իբրեւ համատեղ կառավարիչներ։
Ֆուլք չէ համակերպած համատեղ թագադրութեան, որդեգրելով դաժան վարուելակերպ մը կնոջ նկատմամբ, նոյնիսկ զինք անհաւատարմութեամբ ամբաստանեելով 1134-ին։ Սակայն, Երուսաղէմի լատին պատրիարքը եւ ազնուականութիւնը մեղադրանքին հաւատք չեն ընծայած, իսկ միւս մեղադրեալին՝ Եաֆայի կոմս Հիւկոյի դէմ անյաջող մահափորձէն ետք, որ վերագրուած է Ֆուլքին, թագուհիին կողմնակիցները վերջնագիր մը ներկայացուցած են թագաւորին։ Այնուհետեւ, վերջինս փոխած է իր վերաբերմունքը եւ որեւէ գործով չէ զբաղած առանց թագուհին տեղեակ պահելու։
Անոնց հաշտութենէն ետք, ծնած է երկրորդ որդին՝ ապագայ Ամօրի թագաւորը (1163-1174)։ Ֆուլք արկածամահ եղած է որսորդութեան ընթացքին, 1143-ին։ Մելիսենտն ու Պոլտուին Գ.ը համատեղ թագադրուած են նոյն տարին։ Թագուհին ճարտարօրէն կառավարած է, սակայն, անոր եւ Պոլտուինի յարաբերութիւնները սկսած են լարուիլ 1150-էն ետք, իսկ 1152-ին վերջինս պաշարման ենթարկած է Մելիսենտը Երուսաղէմի միջնաբերդին մէջ։ Խաղաղութիւն կնքուելով, թագուհին իշխանութիւնը ամբողջութեամբ Պոլտուինին յանձնած է, որմէ ետք հաշտուած են եւ թագաւորը յաճախ մօր խորհուրդը ուզած է։ Մելիսենտ շարունակած է կառավարական դերեր ունենալ մինչեւ մահը։
Գահակալութեան տարիներուն, Մելիսենտ բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերած է Սուրբ Երկրի քրիստոնէական սրբավայրերու շինութեան եւ վերանորոգութեան հանդէպ։ Ան իւրայատուկ ուշադրութիւն ընծայած է Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ամէն ձեւով անոր աջակցած։ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ, նաեւ թագուհիի նիւթական աջակցութեամբ շինուած է Սրբոց Յակոբեանց մայր եկեղեցին։ Պատմիչները վկայած են, որ հայերը միշտ վայելած են թագուհիին հովանաւորութիւնը եւ օգտուած են անոր ազդեցութենէն։
Մելիսենտ մահացած է 11 Սեպտեմբեր, 1161-ին, եւ թաղուած է Աստուածամօր Վերափոխման եկեղեցին, մօր՝ Մորֆիա թագուհիին քով։