Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳԷՈՐԳ ԲԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆ (մահ՝ 23 Սեպտեմբեր, 1996)

Գէորգ Բամպուքճեան պոլսահայ բեղուն գրող ու պատմաբան մը եղած է։

Ծնած է 23 Փետրուար, 1923-ին, Սկիւտարի մէջ (Պոլիս)։ Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք «Ներսէսեան-Երմոնեան» դպրոցին մէջ (1937), կրթութիւնը շարունակած է Սէն-Ժոզէֆ ֆրանսական գոլէճին մէջ, զոր կիսատ ձգած է 1945-ին։ Մինչ այդ, արդէն 1943-ին հրատարակած էր իր առաջին յօդուածը «Նոր Լուր» շաբաթաթերթին մէջ։ Ինքնաշխատութեամբ, ամբողջ կէս դար Գէորգ Բամպուքճեան պիտի ըլլար թրքահայութեան պատմաբանը։ Գրած է 300 հայերէն եւ 130 թրքերէն յօդուածներ։

1942-1956-ին, հետազօտած ու կազմած է շուրջ 2.000 տապանաքարերու արձանագրութիւննրու հաւաքածոյ մը, քաղուած՝ Սկիւտարի, Էտիրնէգափըի եւ Պալըքլըի հայկական գերեզմանատուներէն։ 1950 թուականէն ետք, հաւաքած է 10 հայկական եկեղեցիներու մկրտութեան ու մահուան արձանագրութիւնները։

1950-1965-ին, կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է Ռեշատ Էքրեմ Գոչուի «Իսթանպուլի հանրագիտարան»ին, ուր հրատարակած է 300 յօդուածներ պոլսահայութեան մասին։ Նաեւ հայկական նիւթերու նուիրուած յօդուածներով աշխատակցած է ուրիշ հանրագիտարաններու։ Աշխատակցած է հայ մամուլին Պոլսոյ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։

Գէորգ Բամպուքճեան Պոլսոյ Պատրիարքարանի մատենադարանի տնօրէնութիւնը վարած է (1967-1977), այնուհետեւ՝ ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնը (1977-1982)։ 1968-1978-ին խմբագրած է «Շողակաթ» հանդէսը եւ Պատրիարքարանի տարեգիրքը (1968-1978)։ 1982-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, շարունակած է պաշտօնավարել իբրեւ մշակութային հարցերու պատուակալ խորհրդատու։ Հայերէն տպուած գիրքերու շարքին են՝ «Յակոբ Նալեան Պատրիարք (1706-1764), կեանքը, գործերը եւ աշակերտները» (1981), «Յովհաննէս Պատրիարք Կոլոտ (1678-1741) եւ իր աշակերտները» (1984), «Պատմութիւն Կոստանդնուպոլսոյ հրկիզման 1660 տարւոյ» (1991), «Պատմութիւն Կիւլպէնկեան գերդաստանի» (2006)։ Բամպուքճեանի թրքերէն գործերէն մէկ քանին առանձին հատորով հրատարակուած են յետմահու։

Վաստակաւոր բանասէրը մահացած է 23 Սեպտեմբեր, 1996-ին։