News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Լինքըն Սէնթըրի մէջ (Նիւ Եորք), Կոստանդնուպոլսոյ յունաց պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Բարթողիմէոս Արքեպիսկոպոսի նուիրուած մեծարանքի տօնախմբութեան, որպէս Templeton Prize-ի 2025 տարուան մրցանակակիրը։ Ի շարս այլոց, խօսք առին Յունաստանի վարչապետ՝ Քիրիրաքոս Միթսոտաքիս եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխ նախագահ Ալպերթ Կոր, որոնք դրուատեցին Պատրիարք Հօր նուիրումը հաւատքի զարգացման առընթեր անոր ներդրումը գիտական աշխարհին մէջ;
Պատրիարքը Հայրը խօսք առնելով շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ հասած է ժամը որ գիտութիւն եւ կրօն իրարու հակոտնեայ չնկատուին, որովհետեւ երկուքն ալ կը ձգտին ճշմարտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի շնորհաւորական ջերմ ողջոյնները այս բարեբաստիկ առիթով։ Իր կարգին, Բարթողիմէոս Պատրիարք գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան հետ գործակցութեան մասին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս, շեշտելով անոր իմաստութիւնը եւ երկխօսութեան
ճարտարութիւնը, որով միշտ խաղաղարարի դեր կատարած էր վերոյիշեալ
Խորհուրդի ամենէն ճակատագրական շրջանին։