Առաջնորդարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ՈԳԻՆ ՈՂՋ Է Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սեպտեմբերի երկու յաջորդական Կիրակիներու, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին (նիւ Եորք) իր դռները բացաւ յատուկ ձեռնարկներու, որոնք ոգեկոչեցին Արցախի 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը 2020-ին եւ Սեպտեմբեր 2023-ի բռնագաղթը։ Երկու ձեռնարկները, Սարին Արզումանեանի եւ Նինա Շահվերդեանի կազմակերպութեամբ, Արցախի մշակութային հարուստ աւանդութիւնները վեր առին իբրեւ խորհրդանիշ արցախեան ոգիի կենդանութեան։

Կիրակի, 21 Սեպտեմբերի յայտագիրը նուիրուած էր 2023-ի բռնագաղթի ոգեկոչման։ Բացման աղօթքը կատարեցին Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Թովմաս Սրկ. Տողրամաճեան՝ Ս. Ներսէս ճեմարանի ուսանող։ Բացման խօսքը կատարեցին Սարին Արզումանեան, որմէ ետք Նինա Շահվերդեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Արցախի խորհանիշ ջենգեալով հացի պատրաստութեան մասին։

Հացի պատրաստութեան աշխատանոցը ղեկավարեց Հադրութի նախկին բնակիչ Մարիետա Աւագեան, որ այժմ սրճարան մը ունի Պրուքլինի մէջ։ Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ Արցախի պարերով, ղեկավարութեամբ Արմին Մինասեանի, ամէն տարիքի մասնակիցներով։

28 Սեպտեմբերի ձեռնարկին, որ նուիրուած էր 44-օրեայ պատերազմին, Տէր Հօր աղօթքէն եւ օրդ. Արզումանեանի բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Մանօ Պաչղաճեանի «Անվերջ տարագրութիւն» վաւերագրական շարժանկարը, որ տպաւորիչ զուգահեռներ ներկայացուց 1915-ի ցեղասպանութեան եւ Արցախի ցեղային մաքրագործման միջեւ։ Բեմադրիչը պատասխանեց հանրութեան հարցումներուն, որմէ ետք Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան խորհրդածեց Արցախի մասին, կոչ ուղղելով անոր գաղափարի կենդանի պահելու, իսկ Նինա Շահվերդեան անդրադարձաւ Արցախի իր կեանքին եւ ուսուցչական փորձառութեան։

Ներկաները բացիկներ ստեղծեցին, սիրոյ ու խրախուսանքի պատգամներ յղելով Հայաստան ապրող արցախցի երեխաներու համար, զորս օրդ. Շահվերդեան անձամբ պիտի տանի Ս. Ծննդեան օրերուն։ Իւրաքանչիւր բացիկին կցուած պիտի ըլլայ Ս. Ծննդեան նուէր մը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ։