News
ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՆՈՐ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերին Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած Ս. Գիրքի սերտողութեան նոր յայտագիրը սկսաւ։ Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներու նամակին 15 մասերէ բաղկացած սերտողութիւնը կը ներկայացնէ Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանունքի վարիչ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Նիստերը կ՚ունենան Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7.30-8.30-ին։ Աւելի քան 140 հոգի արձանագրուած է ցարդ, որոնցմէ 75 հոգի առաջին նիստին մասնակցեցան։