ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

Նիւ Ինկլընտի տարբեր ծուխերէն հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու ներկայութեամբ, Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) տեղի ունեցաւ շրջանի ծուխերուն նուիրուած սեմինար մը, կազմակերպուած՝ Ազգային Վարչութեան կողմէ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է գործակցութիւնը քաջալերել եւ ծուխերու ղեկավարութեան ու վարչութեան գործնական ուղեցոյց մը մատուցել։
Բացման աղօթքը կատարեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ։ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան 30 մասնակիցներուն։ Այնուհետեւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութիւնը, որով աւելի անմիջական կապ կը հաստատուի Առաջնորդարանի եւ հոգաբարձութեանց միջեւ, մօտէն իրազեկ դառնալով փոխադարձ ծրագիրներու մշակման եւ զարգացման։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, սեմինարի օրակարգը ներկայացուց։ Առաւօտեան ներկայացումները անդրադարձան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան ու ինքնութեան, ներառեալ երկու կաթողիկոսութիւններուն ծագումը, եւ Հայ Եկեղեցւոյ զարգացման Ամերիկայի մէջ։
Յետմիջօրէին տեղի ունեցան քննարկումներ, ուր անդրադարձ եղաւ անդամներու թիւի աճին, նուիրատուութեան, Առաջնորդարանի աջակցութեան ծուխերու գործունէութեան եւ վարչական լաւագոյն գործունէութեան օրինակներ։ Մասնակիցները գնահատեցին սեմինարի տեղեկատուական բովանդակութիւնը եւ փորձառութիւններ կիսելու կարելիութիւնը։