Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ

Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) իր հարիւրամեակը տօնեց 4-5 Հոկտեմբերին, հաւատքի, յարատեւութեան ու համայնական ոգիի դրսեւորման դար մը բոլորելով։ Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Sarah Parker Memorial սրահին մէջ, որ լեցուած էր ո՛չ միայն ծխականներով, այլեւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր կողմերու եկեղեցիներէ ու համայնքներէ եկած բարեկամներով։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան գանձապահ՝ տիկ. Քարէն Ֆալլօ։ Մեծարանքի արժանացան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ կը նախագահէր հանդիսութեան, ինչպէս եւ երեք անհատներ, որոնք եկեղեցիին ու համայնքին հաւատարմօրէն ծառայած են. դեր-գնդապետ Չարլզ Ալեքս, որ օրեր առաջ իր մահկանացուն կնքած էր՝ 106 տարեկանին, 104-ամեայ տիկ. Սիւզըն Գէորգեան-Քոչունաս եւ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր հրապարակագիր Ստեփան Փիլիկեան, որ ծուխի հարիւրամեայ անցեալին ու հիմնադիր սերունդներուն իր տուրքը մատուցեց, միաժամանակ ապագայի մասին արժէքաւոր խորհրդածութիւններ կատարելով։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անդամները հարիւրամեակի առիթով, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երեկոյթը փակեց ոգեշնչող պատգամող։
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոնդակը եւ ներկայացուց հարիւրամեակին առիթով իր գրած անգլերէն հատորը՝ «Հովիւին ձայնը» խորագրով։ Նաեւ բաշխուեցաւ նոյն առիթով լոյս տեսած յուշամատեանը։ Ներկաները ստացան եկեղեցւոյ մանրակերտը իբրեւ յուշանուէր, գործ՝ հայրենի արուեստագէտ Մաքսիմ Գէորգեանի։
Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր խօսքին մէջ դարձեալ իր շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքը յայտնելով եկեղեցւոյ անդամներուն։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խնճոյք մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։