Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՆՃԵԼՕ ԷՓՐԻԿԵԱՆ (մահ՝ 30 Հոկտեմբեր, 1982)

Իտալահայ Երաժշտագէտ Անճելօ Վահան Էփրիկեան 18-րդ դարու մեծանուն երգահան Անթոնիօ Վիվալտիի գործին վերյայտնութիւնը կատարողներէն եղած է Իտալիոյ մէջ։

Ծնած է 20 Հոկտեմբեր, 1913-ին, Թրեվիզոյի մէջ։ Հայրը՝ Սուքիաս-Յակոբ Էփրիկեան (1873-1952), Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախկին անդամ մըն էր, որ 1902-1903-ին հրատարակած էր մեծարժէք «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան»ը եւ կ՚աշխատէր տեղական տպարանի մը մէջ։

Անճելօ Էփրիկեան ջութակի եւ յօրինման դասերու հետեւած է, բայց համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը աւարտելէ ետք, փաստաբանութեամբ զբաղած է։ Սակայն, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն լքած է ասպարէզը՝ Իտալիոյ ֆաշական վարչակարգին դէմ զինեալ ընդդիմութեան մաս կազմելու համար։

Պատերազմի աւարտին, Էփրիկեան մտած է երաժշտական կալուածէն ներս իբրեւ նուագախումբի ղեկավար։ Առաջին ելոյթը ունեցած է Վենետիկի մէջ, Դեկտեմբեր 1945-ին։ Վիվալտիի գործերու անոր ուսումնասիրութիւնը զինք մղած է կազմակերպելու յատուկ հիմնարկ մը Վենետիկի մէջ՝ նուագավար Ճան Ֆրանչեսքօ Մալիփիէրոյի հետ (1882-1973)։ Մալիփիէրոյի եւ այլոց հետ պատրաստած է Վիվալտիի ամբողջակն գործերու հրատարակութիւնը (1947-1972)։ Երկար տարիներ նուագախումբի ղեկավար եղած է Վենետիկի, Պոլոնիայի եւ Միլանի մէջ։ 1959-1973-ին «Արքոֆոն» երաժշտական հրատարակչատան հիմնադիր գեղարուեստական ղեկավարը եղած է։ Հրատարակած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններ։ Էփրիկեան լայն աշխատանք կատարած է իտալացի ուրիշ նշանաւոր երգահաններու (Մոնթեվերտի, Պոքերինի, Ալեսանտրօ եւ Տոմենիքօ Սքարլաթի, եւ այլն) գործերու ծանօթացման համար։

Անճելօ Էփրիկեան մահացած է 30 Հոկտեմբեր, 1982-ին, Հռոմի մէջ։ Դուստրը՝ Լաուրա Գայիանէ Էփրիկեան, դերասանուհի է, եւ որդին՝ Ճաննի (Ճան Գլաուտիօ Վարդան) Էփրիկեան նուագախումբի ղեկավար է։