Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գլխաւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) ծխականները, որոնք մասնակեցան տարեկան «Անօթութիւնը կտրել» (Crop Hunger) քայլարշաւին, որ կը հովանաւորուի Նորթպրիճի Եկեղեցիներու Ընկերակցութեան կողմէ։

Այս քայլարշաւի Միացեալ Նահանգներու տարողութեան շարժում մըն՝ Church World Service-ի նախաձեռնութեամբ, որ կը ձգտի դրամ հաւաքել անօթութեան ու աղքատութեան վերջ տալու Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ։ Հարիւրաւոր կրօնական խմբաւորումներ, գործարարներ, դպրոցներ եւ այլք տեղական քայլարշաւներ կը կազմակերպեն ամէն տարի։ Այս տարի քալողները Ուայթընզվիլի համայնքին մէջ աւելի քան 8.000 տոլար հանգանակեցին։

Նոյն երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 68-ամեակի ու Գոհաբանութեան տօնի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ իրեն յանձնուած հօտը։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ աճելու եւ սորվելու մասին, որոնց ինք վկայ եղած է տարիներու ընթացքին Ուայթընզվիլի համայնքին մէջ, շեշտելով որ նոր բան մը կը սորվինք ամէն օր։ Ան հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը Ս. Աստուածածնի հաւատացեալներուն, որպէսզի եկեղեցին շարունակէ հանդիսանալ յոյսի փարոս մը յաջորդ սերունդներուն։

Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Սրբազան Հայրը պատարագեց։ Իր քարոզին մէջ, անդրադարձաւ Խաչի կարեւորութեան փրկագործութեան ընդհանուր պստկերին մէջ, ծառայած ըլլալով որպէս զոհասեղան որուն վրայ հոսած էր աստուածային ամենասուրբ արիւնը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։