News
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽԱՉԸ ԴԱՐՁԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ
Խաչքարերը հայութեան խաչապաշտութեան ամենէն իւրայատուկ արտայայտութիւններէն մէկն է։ Բիւզանդական կայսրութեան պատկերամարտէն ետք (8-րդ-9-ըդ դարեր), Ուղղափառ Եկեղեցին պատկերները պաշտամունքի առարկայի վերածեց։ Ինչպէս Մխիթար Գօշ դիտել տուած է 12-րդ-13-րդ դարերուն, «յոյները եւ վրացիները աւելի կը պատուեն պատկերագրութիւնը եւ հայերը՝ խաչը» («Յոյնք եւ Վիրք զպատկերագրութիւն առաւել պատուեն, եւ Հայք՝ զխաչ»)։
Խաչը հայկական խորաններու վրայ գտնուած է մինչեւ 13-րդ դարը, երբ Աստուածամօր ու Մանկան նկարը տիրական դարձած է։ Որոշ եկեղեցիներու մէջ, ինչպէս Գանձասարը՝ Արցախի մէջ, մինչեւ 2023, խաչը պահպանուած է իբրեւ խորանի տիրական պատկերը։
Գիտնականները աւանդաբար կարծած են, որ խաչը քրիստոնէութեան հիմնական խորհրդանիշը դարձած է Կոստանդիանոս կայսեր քրիստոնէութիւնը ազատ հռչակելէ ետք (313)։ Նոր հետազօտութիւններ, սակայն, ցոյց կու տան, որ քրիստոնեաները Կոստանդիանոսէն առաջն գործածած են խաչը։
Այս փոփոխութենէն առաջ, քրիստոնեաները կարեւորութիւն տուած են ուրիշ խորհրդանշաններու՝ Քրիստոսի յունական անունի Χρ գիրերը եւ աղաւնին, որ կը նշանակէ Սուրբ Հոգին եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը (Մտ 3.13-17, Մկ 1.9-11, Ղկ 3.21-23)։ Ուրիշ մեծ խորհրդանիշ մըն էր յունարէն ἰχθύς (ichthys «ձուկ») բառը, որ յապաւումն է Iesous Christos Theou Hious Soter կամ «Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, Փրկիչ» խօսքին, որ կապուած է ձուկերու աւետարանական պատումներուն (Յհ 6.1-14, Մտ 14.17-19) եւ Քրիստոսի կոչին՝ «մարդոց ձկնորս» դառնալուն (Մտ 4.19, Մկ 1.17).