Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՍԹԻՎԸՆ ՍԷԼՎԷՐԵԱՆ (22 Յունիս, 1939 – 22 Հոկտեմբեր, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերին իր մահկանացուն կնքած է Սթիվըն (Սթիվ) Սէլվէրեան։

Սթիվըն Սէլվէրեան ծնած է 22 Յունիս, 1939-ին, Լօրընսի մէջ (Մէսէչուսէթս)։ Մեծ Եղեռնի վերապրող Ռիչըրտ Սէլվէրեանի եւ Զարուհի Նաճարեանի երեք զաւակներուն առաջնեկն էր։

Մանկութեան տարիներուն դպիր եղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ 1954-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Փէնսիլվէնիա, ուր յաճախած է երկրորդական վարժարանը եւ ապա՝ Վըրճինիայի համալսարանը, վկայուելով ելեւմուտքի եւ կրթութեան ճիւղերուն մէջ։ 1961-ին ամուսնացած է Սանտրա Քիւրքեանի հետ։ Ունեցած են եօթը զաւակ, 23 թոռ եւ 6 ծոռ։

Սթիվ Սէլվէրեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) երկարամեայ անդամ եղած է, հանդիսանալով հոգաբարձու եւ ազգային երեսփոխան։ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման բազմաթիւ ծրագիրներ գլխաւորած է, վերջինը ըլլալով Հիմնադիրներու սրահի շինարարութեան հանգանակիչ մարմինը։ Ազգային Առաջնորդարանը զինք պարգեւատրած է «Առաջնորդարանի Արծիւ» շքանշանով։

Հանգուցեալը մեծ յաջողութիւն ունեցած է համակարգչային եւ ելեւմտական ասպարէզներուն, ինչպէս եւ առեւտուրի մէջ։ Լայնօրէն ծառայած է իր ապրած Մերչանթվիլ քաղաքի (Նիւ Ճըրզի) տարբեր մարմիններու աւելի քան կէս դար։

Տան կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, որուն հետեւեցաւ թաղումը Lakeview Memorial Gardens-ի մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անունով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին՝ տիկ. Սանտրա Սէլվէրեանին, զաւակներուն, թոռներուն, ծոռներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ: