ՎԱՐՎԱՌԷ ԼՈՒԻԶ ՊԱԼՃԵԱՆ (24 Յունուար, 1944 – 25 Հոկտեմբեր, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, Տէտհէմի մէջ (Մէսէչուսէթս) իր մահկանացուն կնքած է Վարվառէ Լուիզ Պալճեան։ Հանգուցեալը, դուստրը՝ հանգուցեալ Վահէ եւ Ռոզ Պալճեաններու, քոյրն էր Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) պատուակալ հովիւ, եւ հօրաքոյրը՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ։
Վարվառէ Պալճեան երկարամեայ փորձառութիւն ունեցած է կրթական ասպարէզին մէջ։ Երկու մագիստրոսական վկայականներ ունէր՝ կրթութեան եւ դպրոցական խորհրդատուութեան։ Աշխատած է իբրեւ երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ դպրոցական խորհրդատու, իսկ կարճ ժամանակով Ս. Լուսաւորիչ ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի եղած է Քուինզի մէջ։ Ան նաեւ վարչական զանազան պաշտօններ վարած է Ուստըրի կաթոլիկ թեմին եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրումը զինք մղած է ծառայելու ծխական եւ թեմական մակարդակներու վրայ իբրեւ երգեհոնահար, կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի, հոգաբարձու, ազգային երեսփոխան եւ Կրօնական Դաստիարակութեան խորհուրդին (AREC)։ Վարդանանց Դստերաց գործօն անդամ եղած է։
Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անունով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին եւ երէցկին Շէրըլին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանին եւ երէցկին Ալիսին, տէր եւ տիկ. Ճէյմս եւ Նայիրի Պալճեան-Պէլերուն, եւ հանգուցեալի թոռներուն ու հարազատներուն։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն), առաւօտեան ժամը 11.00-12.00-ին, իսկ թաղման կարգը՝ Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.00-in, Ուստըրի Hope գերեզմանատան մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ: May God illuminate her soul.