Առաջնորդարանէն

ՎԻՊԱԳԻՐ ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանը, որուն «Մշոյ գիրքը» վիպակը վերջերս լոյս տեսաւ Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատան կողմէ։ Իտալերէնէ թարգմանութիւնը կատարած է Առաջնորդարանիս դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Տիկ. Արսլան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր նախաձեռնութեան եւ թարգմանիչին՝ իր աշխատանքին համար։