Առաջնորդարանէն

ՄԻՋԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Շաբաթ, 1 Նոյեմբերին առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Միջին Ամերիկայի ծուխերուն համագումարը՝ Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ շրջանի տարբեր ծուխերէն հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու ներկայութեամբ, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) մէջ։

Բացման աղօթքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքերուն մէջ ընդգծեց նման հաւաքոյթներու արժէքը իբրեւ հաւատքի, իմաստութեան եւ ծառայութեան բաժնեկից ըլլալու պատեհութիւն։  Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եւ Ռաֆֆի Գրիգորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետը, բարի գալուստ մաղթեցին շուրջ 30 մասնակիցներուն։

Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, սեմինարի օրակարգը ներկայացուց, որուն նպատակն էր քաջալերել ծուխերու միջեւ գործակցութիւնը եւ անոնց վարչական աշխատանքներուն մէջ ստեղծել գործնական ուղեցոյց մը։

Յայտագիրը ներկայացուցին Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Արամ Յովակիմեան։

Առաւօտեան ներկայացումները անդրադարձան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան ու ինքնութեան, ներառեալ երկու կաթողիկոսութիւններուն ծագումը, եւ Հայ Եկեղեցւոյ զարգացման Ամերիկայի մէջ։

Յետմիջօրէի քննարկումներուն անդրադարձ եղաւ անդամներու թիւի աճին, նուիրատուութեան, Առաջնորդարանի աջակցութեան ծուխերու գործունէութեան եւ վարչական լաւագոյն գործունէութեան օրինակներ։ Մասնակիցները գնահատեցին սեմինարի տեղեկատուական բովանդակութիւնը եւ փորձառութիւններ կիսելու կարելիութիւնը։

Յաջորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Միջին-Ատլանտեան շրջանին մէջ։