Հ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՄԱՏԻԿԵԱՆ (մահ՝ 14 Նոյեմբեր, 1930)
Աւազանի անունով՝ Դանիէլ, ծնած է 18 Յուլիս, 1886-ին, Խոտորջուր գաւառի Կրման գիւղը։ Ուսման ծարաւը չկարենալով յագեցնել իր շրջանին մէջ, 15 տարեկանին կը յաճախէ Վիեննայի Մխիթարեաններու Զմիւռնիոյ վարժարանը, ուրկէ տարի մը ետք՝ 1902-ին, բարձրագոյն ուսման համար Վիեննա կ՚ուղղուի չորս ընկերներու հետ։ 1906-ին, Աղեքսանդր անունով կ՚անդամակցի Մխիթարեան Միաբանութեան, եւ բոլորելով արտաքին ու եկեղեցական գիտութիւններու շրջանը, 1910-ին վարդապետ ձեռնադրուած է։
Այնուհետեւ յաճախած է Վիեննայի համալսարանը, ուր յաջողութեամբ աւարտած է աստուածաբանական ճիւղը, 1917-ին դոկտորական տիտղոսը ստանալով։
Աշխատակցած է միաբանութեան «Հանդէս ամսօրեայ» հայագիտական պարբերականին, որուն խմբագրութիւնը ստանձնած է 1912 – 1920 թուականներուն, ջանալով ելեւմտական ամուր հիմքերու վրայ դնել, սակայն Ա. Աշխարհամարտի հետեւանքով ծագած դրամական տագնապը արգելք եղած է։
1920 թուականէն մինչեւ իր մահը Հ. Մատիկեան վարած է վանքի կղերանոցի տնօրէնութիւնը, միաժամանակ աստուածաբանութիւն դասախօսելով։ Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը երկիցս զինք վարչութեան խորհրդական ընտրած է։
Հ. Աղեքսանդր Մատիկեան «Հանդէս ամսօրեայ»-ի իր աշխատակցութենէն երեք հատոր հրատարակած է. «Անանունը կամ կեղծ Սեբէոս» (1913), «Կրօնի ծազումը եւ դիցաբանութիւն ըստ համեմատական կրօնագիտութեան» (1920) եւ «Արա Գեղեցիկ. համեմատական-քննական ուսումնասիրութիւն» (1930): Վերջինս իր ամենէն կարեւոր գործը կը համարուի։
Մխիթարեան միաբանութեան վարչութիւնը ծրագրած է դպրոց մը բանալ Լիբանանի մէջ եւ Հ. Մատիկեան առաքուած է Պէյրութ՝ կարելիութիւնները տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար։ Ամսուան մը բանակցութիւններէ ետք, երբ վերադարձած է Վիեննա, վարակուած կ՚ըլլայ ժանտախտէ եւ մարմինը չէ կրցած տոկալ։ 14 Նոյեմբեր, 1930-ին, ան իր մահկանացուն կնքած է 44 տարեկանին։