«ՕՐՈՐԱ» ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ

Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, ներկայ գտնուեցաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան տասնամեակի տօնակատարութեան Նիւ Եորքի Էլիզ Այլընտի մէջ, ուր ժամանած էին հարիւրաւոր աջակիցներ ամբողջ աշխարհէն։
2025-ի մարդկութեան արթնացումին համար «Օրորա» մրցանակով պարգեւատրուեցաւ տոքթ. Ճամալ Էլթաէպը, որ կը վարէ Սուտանի մէջ մնացած սակաւաթիւ հիւանդանոցներէն մէկը, ուր վիրաւոր եւ տեղահանուած մարդիկ կը բուժուին։ 2015-ին հիմնադրուելէ ի վեր, «Օրորա» նախաձեռնութիւնը բարիքի համաշխարհային ոյժ մը դարձած է, օժանդակելով աւելի քան 3.500.000 մարոց 63 երկիրներու մէջ եւ նիւթապէս սատարելով 517 մարդասիրական ծրագիրներու, որոնք կեդրոնացած են շտապ օգնութեան, բժշկական խնամքի եւ կրթութեան վրայ։
Նուպար Աֆէեան՝ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն (Վարդան Գրիգորեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ), խորհրդածեց գերմանացի զինուորներու բարեացակամութեան եզակի շարժման մասին, որ փրկած էր իր մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան տեղահանութեան ընթացքին եւ կարելի դարձուցած, որ իր ընտանիքը վերապրէր ու ծաղկէր։ Ան քաջալերեց հիւրերը որ ապրին իբրեւ մարդասէրներ, օգնելով կարիքաւորներու։ Թէեւ հայերը ամենահարուստ ազգերու թիւին մաս չեն կազմեր, պրն. Աֆէեան նշեց, սակայն անոնց պատմութիւնն ու համոզումները կը պարտադրեն, որ մարդասէր ըլլան։