ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ

21-23 Նոյեմբերի շաբաթավերջին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) համայնքը։
Ուրբաթ, 21 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ մը եկեպեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Միութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, ընթրիքի ընթացքին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, յետ բարի գալուստի խօսքի խորհրդածեց երախտագիտութիւն յայտնելու իմաստին մասին քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Ան յայտնեց, թէ այս տարուան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրին արժանացած է պրն. Արմէն Ճգնաւորեան, որ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարբեր ձեւերով, իսկ վերջերս աւարտած էր իր պաշտօնավարութիւնը իբրեւ Արանց ակումբի երկարամեայ ատենապետ։
Կիրակի, 23 Նոյեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Ս Պատարագ մատուցանեց, որուն ընթացքին կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկարամեայ անդամ՝ Զարեհ կիսասարկաւագ Պլպուլեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի խարտաւիլակութեամբ։
Սրբազան Հայրը վեր հանեց ծառայութեան արժանիքը, ծխականներուն յիշեցնելով անկեղծութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորելով նոր ձեռնադրուած սարկաւագը, զոր ներկացուց իբրեւ օրինակ՝ մեր Տիրոջ ծառայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ կառուցման։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, շուրջ 20 պատանիներ մասնակցեցան երիտասարդական հաւաքի մը Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ շահեկան հարց ու պատասխան հաւատքի, մշակոյթի եւ եկեղեցական կեանքի տարբեր կողմերու մասին։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Ճաֆարեան» սրահին մէջ, ուր ցուցադրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած տեսերիզը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին իր հիւրասիրութեան համար։