Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, Ա. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

Ա. ՆԱՄԱԿ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:12-17

Եղբայրնե՛ր, կ’ուզենք որ մեռածներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնաք, որպէսզի չտրտմիք ուրիշներուն պէս, որոնք ոեւէ յոյս չունին: Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք
թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ անոր հետ վերստին կեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ անոր հաւատացին եւ մեռան:

Հետեւաբար՝ կ’ըսենք ձեզի, ինչպէս Տէրը ինք սորվեցուց.- Մեզմէ անոնք որոնք ողջ մնացած կ’ըլլան Տիրոջ գալուստին ատեն, մեռածներէն առաջ պիտի չանցնին: Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան: Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան, անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին՝ Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան:

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:1-46

Հիւանդ մէկը կար,Ղազարոս անունով, որ Բեթանիայէն էր. այն գիւղէն, ուրկէ էին Մարիամ եւ քոյրը՝ Մարթա: Ասիկա այն Մարիամն էր, որ իւղով օծեց Տիրոջ ոտքերը եւ մազերով սրբեց, եւ որուն եղբայրն էր Ղազարոս, որ հիւանդ էր: Ղազարոսի քոյրերը մարդ ղրկեցին Յիսուսի մօտ, որպէսզի անոր ըսեն.

Տէ՛ր, քու սիրելի բարեկամդ հիւանդ է:

Յիսուս երբ լսեց, ըսաւ.

Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի:

Յիսուս կը սիրէր զանոնք՝ Մարթան, անոր քոյրը Մարիամը եւ Ղազարոսը: Սակայն հակառակ Ղազարոսի հիւանդութեան լուրը առնելուն, երկու օր եւս մնաց հոն՝ ուր կը գտնուէր: Յետոյ ըսաւ իր աշակերտներուն.

Եկէք կրկին Հրէաստան երթանք:

Աշակերտները իրեն ըսին.

Վարդապե՛տ, Հրէաստանցիները դեռ նոր կ’ուզէին քեզ քարկոծել, հիմա կրկի՞ն հոն կ’երթաս:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Ցերեկը տասնըերկու ժամ չէ՞: Ան որ ցերեկ ատեն կը քալէ՝ չի սայթաքիր, որովհետեւ այս աշխարհի լոյսով իր շուրջը կը տեսնէ: Բայց ան որ գիշեր ատեն կը քալէ՝ կը սայթաքի, որովհետեւ լոյս չունի:

Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ աւելցուց.

Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք:

Աշակերտները իրեն ըսին.

Տէ՛ր, եթէ քնացած է՝ ուրեմն կ’առողջանայ:

Յիսուս Ղազարոսի մահուան ակնարկութիւն կ’ընէր, մինչ աշակերտներուն այնպէս թուեցաւ՝ թէ անոր քնանալուն կ’ակնարկէ: Այն ատեն բացայայտ կերպով ըսաւ.

Ղազարոս մեռաւ. բայց ես հոն չըլլալուս՝ ձեզի համար ուրախ եմ, որովհետեւ դուք ինծի պիտի հաւատաք: Ուրեմն եկէք իր քով երթանք:

Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ընկերներուն ըսաւ.

Օ՛ն, եկէք մենք ալ երթանք իրեն հետ մեռնելու:

Երբ Յիսուս Բեթանիա հասաւ, Ղազարոս արդէն իսկ չորս օրէ ի վեր թաղուած էր: Բեթանիա Երուսաղէմի մօտիկ է, միայն երեք քիլոմեթր հեռու: Հրեաներէն շատեր հոնկէ եկած էին Մարթայի եւ Մարիամի մօտ, զանոնք մխիթարելու համար իրենց եղբօր մահուան առիթով: Մարթա երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ, դիմաւորելու գնաց, մինչ Մարիամ տունը մնաց: Մարթա Յիսուսի ըսաւ.

Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ: Բայց հիմա իսկ գիտեմ, թէ ի՛նչ որ Աստուծմէ խնդրես՝ Աստուած քեզի պիտի տայ:

Յիսուս անոր ըսաւ.

Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ:

Մարթա պատասխանեց.

Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը, յարութեան ատեն:

Յիսուս ըսաւ.

Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ըսածիս:

Այո՛, Տէ՜ր,- պատասխանեց Մարթա,- կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր:

Մարթա այս խօսքերը ըսելէ ետք գնաց եւ իր քոյրը՝ Մարիամը կանչեց եւ փսփսալով ըսաւ.

Վարդապետը եկած է եւ քեզ կը կանչէ:

Մարիամ լսելուն պէս ոտքի ելաւ եւ Յիսուսի մօտ գնաց: Յիսուս տակաւին գիւղ չէր մտած, այլ կեցած էր հոն՝ ուր Մարթա զինք դիմաւորած էր: Տան մէջ գտնուող Հրեաները, որոնք Մարիամը կը մխիթարէին, երբ տեսան որ աճապարանքով ոտքի ելլելով գնաց, հետեւեցան անոր, որովհետեւ կարծեցին թէ գերեզման կ’երթայ՝ հոն լալու համար: Մարիամ հասաւ այնտեղ՝ ուր Յիսուս կեցած էր: Հազիւ զայն տեսած, անոր ոտքերուն ինկաւ եւ ըսաւ.

Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ:

Յիսուս երբ տեսաւ Մարիամը որ կու լար, ինչպէս նաեւ անոր հետ եկող Հրեաները որոնք կու լային, հոգեպէս խռովեցաւ եւ յուզուած՝ ըսաւ.

Ո՞ւր թաղեցիք զինք:

Անոնք ըսին.

Տէ՜ր, եկո՛ւր եւ տես:

Յիսուս լացաւ: Հրեաները իրարու կ’ըսէին.

Տեսէք թէ ո՛րքան կը սիրէր զայն:

Ոմանք ալ կ’ըսէին.

Այս մարդը որ կոյրին աչքը բացաւ, չէ՞ր կրնար այնպէս մը ընել՝ որ Ղազարոսը չմեռնէր:

Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին, որ քարայր մըն էր եւ որուն մուտքին քար մը դրած էին: Յիսուս ըսաւ.

Վերցուցէ՛ք քարը:

Մարթան՝ մեռնողին քոյրը, ըսաւ անոր.

Տէ՛ր, հիմա նեխած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չորս օրէ ի վեր թաղուած է:

Յիսուս Մարթային ըսաւ.

Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես:

Երբ անոնք քարը վերցուցին, Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց եւ ըսաւ.

Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս. բայց ինչ որ այժմ կ’ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ’ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս:

Ասիկա ըսելէ ետք՝ բարձր ձայնով կանչեց.

Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր:

Ու Ղազարոս դուրս ելաւ՝ ոտքերը եւ ձեռքերը պատանքով փաթթուած եւ երեսը վարշամակով ծածկուած: Յիսուս ըսաւ անոնց.

Քակեցէ՛ք պատանքը եւ ձգեցէք որ երթայ:

Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամենց տունը եկած էին, երբ Յիսուսի կատարած այս հրաշքը տեսան, հաւատացին անոր: Սակայն ուրիշներ գացին Փարիսեցիներուն մօտ եւ պատմեցին ինչ որ Յիսուս կատարեց: