Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՕՖԵԼԻԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ (ծնունդ՝ 9 Յունուար, 1925)

Օֆելիա Համբարձումեան 20-րդ դարու հայ ժողովրդական ու աշուղական երգարուեստի լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը եղած է։

Ծննած է 9 Յունուար, 1925-ին, Երեւանի մէջ։ Կանուխ տարիքէն մաս կազմած է պիոներ-դպրոցականներու քաղաքային պալատի ժողովրդական նուագարաններու համոյթի աշխատանքներուն, իր զրնգուն ձայնով գերելով ունկնդիրները։ Աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը։ 1944 թուականէն սկսեալ Արամ Մերանգուլեանի ղեկավարած հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ժողովրդական գործիքներու համոյթին մեներգչուհի եղած է, կատարելով հայ աշուղական ու ժողովրդական երգեր եւ նպաստելով հեղինակային երգի ստեղծման ու տարածման։ Ամուսնացած է քամանչահար Նորայր Յովհաննիսեանի հետ եւ ունեցած՝ երկու զաւակ, որոնցմէ մէկը յայտնի երգչուհի Տաթեւիկ Յովհաննիսեանն է։

Օֆելիա Համբարձումեան երգարուեստի ասպարէզին մէջ գործած է մինչեւ 1990-ական թուականներու վերջերը։ 1959-ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսին արժանացած է։ Խորհրդային շրջանին երկու շքանշաններու արժանացած է, իսկ 2011-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանին։

Օֆելիա Համբարձումեանի երգեցողութիւնը յատկանշուած է խոր արտայայտչականութեամբ։ Երգացանկը ընդգրկած է հիմնականին հայ ժողովրդական, գուսանական եւ աշուղական, ինչպէս նաեւ հեղինակային երգեր։ Անոր ստեղծագործութեան մէջ առաջնային տեղ գրաւած են Սայաթ-Նովայի գործերը։ Գուսաններ Աշոտ եւ Շահէն յատկապէս երգեր յօրինած են Համբարձումեանի համար։

Երգչուհին ելոյթներ ունեցած է նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող երկիրներուն, ինչպէս եւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ)։

Մահացած է 13 Յունիս, 2016-ին, Երեւանի մէջ, 91 տարեկանին։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։