Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 2026-Ի ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ

Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։ 2003 թուականէն սկսեալ, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր տարին նուիրեց մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ:

Կիրակի, 25 Յունուարին, հռչակագիրը պիտի կարդացուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ պարագայական որոշում մը չէր այս տարին հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրելը, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն էր՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Նորին Սրբութիւնը ապա լուսարձակի տակ կ՚առնէ ներկայ ժամանակներու կենցաղին ազդեցութիւնը հոգեւոր կեանքին վրայ։ Ան կը մատնանշէ.

ա) Հայ եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն, հետեւաբար հրամայական եւ անյետա­ձգե­լի է ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներ­կայ պայ­ման­ներու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդութիւններու ու տօ­նախմբութիւններու ճոխա­ցու­մով եւ ժողովուրդին գոր­­ծօն մաս­նակ­­ցու­­թեամբ:

բ) Պատմութեան ըն­թացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ ազ­գա­յինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին։ Առանց անտեսելու ազգային արժէք­նե­րու կարեւորու­թիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղե­ցին յա­տուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով՝ շեշտէ հո­գեւոր արժէք­նե­րու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեան­քէն ներս՝ որ­պէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակու­թային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:

գ) Մեր կրօ­նական շրջա­նակներէն ներս հո­գե­ւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրա­պէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս՝ լու­սանց­քային։ Հոգեւոր արժէք­ներու ներթա­փան­ցումը մեր ան­հա­­տական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանք­ներու:

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը մանրամասն կ՚անդրադառնայ հոգեւոր կեանքին եւ հայրապետական հռչակագիրը կ՚աւարտէ հայրական թելադրութիւններով՝ ուղղուած համայն հայութեան։

Կու տանք հռչակագիրի ամբողջական բնագիրը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրա­վանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնու­թեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր Տարուան սե­մին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր Տարին Աստու­ծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտու­թիւն­ներով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապե­տական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմի­ջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Մեր թեմերուն ու ժողո­վուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձա­ռու­թիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւա­քա­կան կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելա­կերպեր ու գործե­լա­կերպեր յա­ռաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայ­լեր: Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026 տարին որոշեցինք հռչակել՝

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշ­տութիւն մը՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Արդարեւ, մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կրնայ մեզ հեռացնել մեր հոգեւոր արժէք­ներէն ու աւանդութիւն­ներէն, մեր արմատներէն ու ինքնութենէն. այլ խօսքով՝ մեր կեանքին գոյութեան աղբիւրէն, Աստուծմէ:

Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ.– «Անոնք որ միա՛յն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղե­կա­վարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կապրին, անոնց մտածելակերպը հո­գեւոր է»: Շարունակելով իր խօսքը, Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Մարմ­նականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հե­տեւին Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):

Առաքեալին համար հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հո­գեւորը նկա­տել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աս­տուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռ­նանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմա­նու­թեամբ ստեղծուած:

Ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհայնացած, աշխարհայնա­ցած եւ ճարտարագիտու­թեամբ տիրապետուած աշխարհին մէջ, ի տես պատերազմներով ու բռնութեամբ լեցուն ընկերութեան կեան­քին, կենսոլորտային վտանգ­ն­երուն, տնտեսական եւ այլ բազմազան տագնապներուն, դէպի հոգեւոր կեանք շարժում մը սկսած է դառնալ ակներեւ ամէ՛ն տեղ եւ բոլոր կրօններէն ներս: Ոմանք դէպի հոգեւոր հակումը կը նկատեն նիւթա­կան աշխարհին մէջ մարդոց ունեցած ձախողութեան ար­դիւնք: Ուրիշներ, զայն կը մեկնաբանեն մէկ կող­մէն, որպէս ծայրայեղ ու արմա­տական կրօնական շարժում­նե­րու արտայայտու­թիւն ու միւս կողմէն՝ տակաւ աճող բռնարարքներու եւ ահա­բեկ­չա­կան երեւոյթներու հա­կազդե­ցութիւն: Կան նաեւ ոմանք, որոնք դէպի հոգեւոր շարժում հակումը կը մեկ­նաբանեն որպէս երկ­նային միջամտութիւն՝ եր­կինքէն հեռացած եւ նիւթա­կանով տի­րա­պետուած աշխար­հին մէջ: Ինչ մեկնաբանու­թիւն ալ տրուի, հոգե­ւոր կեանքին նկատմամբ հետզհե­տէ աճող ձգտում մը, հե­տա­քրքրու­թիւն մը, հոգեւոր սնուն­դի կա­րօտ մը նկատառելի է՝ փառքով, հա­ճոյքով ու նիւ­թակա­նով յղփա­ցած ներկայ աշխար­հին մէջ:

Դրական նկատուող այս երեւոյթին դիմաց նաեւ կը տես­նենք հո­գեւոր կեանքի շահագործում: Հեռատեսիլներու վրայ երբեմն ակա­նա­տես կ’ըլլանք այնպիսի տեսարաններու եւ ընկե­րային ցան­ցերու ճամբով յաճախ կը լսենք այնպիսի երեւոյթ­ներու մասին – օրի­նակ հի­ւանդութիւններու բուժում ու տարօրի­նակ գու­շակութիւն­ներ – որոնք մեծ մասամբ կեղծ են ու փաստօրէն կը հե­տապնդեն շա­հա­դի­տական նպատակներ: Հոգեւոր արժէքները երբեմն կը շահա­գոր­ծուին բռնա­րարք­­ներ կազմակերպելու եւ ատելու­թիւն սերմանե­լու նպա­տա­կով: Միւս կողմէն, ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք հո­գեւոր կեան­քին նկատմամբ արհամարհական մօտեցում­ներու, զայն նկա­տե­լով անիմաստ ու ժա­մանակավրէպ: Յիշեալ բացասական ու հա­կա­սա­կան երե­ւոյթները ու մօտեցումները մեզ կը մղեն ճիշդ տեղե­կութիւն, յստակ տեսակէտ եւ ուղղութիւն ունենալու հոգեւոր կեան­քի իմաս­տին, նպատակին ու մանաւանդ անոր կարեւորութեան մասին:

Հոգեւոր կեանքը կրօններու մօտ

Հոգեւոր կեանքը աշխարհի բոլոր կրօններու կենցաղակերպին, մտա­­ծելակերպին ու գործելակերպին էական մասը կը կազմէ: Այս ծիրէն ներս հասարակաց երեւոյթներու կողքին, կրօններու մօտ կան նաեւ տար­բեր մօտե­ցում­ներ: Միաստուածեան երեք կրօննե­րուն՝ հրէու­­­­թեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մօտ նմանու­թիւն­նե­րը տի­րական են, բայց նաեւ շեշտաւորումի ու արտայայ­տու­թեան տար­բե­րութիւններ գոյութիւն ունին: Հրէութեան մօտ հոգեւոր կեան­քը կ’ար­տայայտուի Թովրայի նկատմամբ հաւատարմութեան ու ա­ւան­դու­թիւն­ներու տառացի պահպանման մէջ, իսկ Իսլամութեան մօտ Քու­րանի եւ Հատիս Նապաուի ուսուցումներուն անթերի գոր­ծադ­րու­թեան մէջ: Արե­ւել­եան կրօն­­ներ՝ պուտիզմը, հինտուիզմը, Ճի­նիզմը ու Սիխիզմը, հետե­ւելով իրենց հիմնադիրներու կեանքին ու մտածո­ղութեան, կը շեշ­տեն բա­րոյական սկզբունքներուն կիրառումը եւ միստիկ ա­ւան­­դու­թիւն­նե­րով – խոկում, եոկա, խիստ ծոմապահու­թիւն, ինքնազրկում, եւայլն – յատկա­նշուող վանական դրութիւնը: Ափրիկ­եան կրօն­ներ հոգեւոր կեանքը կ’ար­տայայ­տեն երգի, պարի կամ մշա­կու­թի այլ ճիւղերու ճամբով:

Աշխարհի կրօններու շար­քին քրիստոնէութիւնը իր ողջ պատմու­թեան ըն­թաց­­քին իրեն յատուկ ուսուցումներու, սրբազան արժէքնե­րու ու բարո­յական սկզբունք­ներու շարքին նաեւ ներառած է այլ կրօններէն հոգեւոր կեանքի հետ աղերս ունեցող որոշ կեր­պեր ու ա­ւան­դութիւններ, անոնց տալով քրիս­տո­նէական իմաստ, ինքնու­թիւն ու նկարագիր: Երեւոյթ մը, որ այն­քան տիրական է մեր ժո­ղո­վուրդի պատմութեան մէջ, մասնաւորա­բար հեթանոսութենէն քրիս­տոնէու­թիւն դարձի ժա­մանակաշրջանին:

 

Ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչը հոգեւոր կեանքի մասին

Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետե­ւաբար, Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունք­նե­րու, արժէքներու, պատուիրան­ներու եւ ուսուցումներու  ամ­բող­­ջու­թիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մար­դուն մե­ղան­չումը եւ մար­գարէներու թելադ­րու­թիւնը ու յիշեցումը՝ վերադառ­նալու Աս­տու­­ծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերը ու նմանութիւնը: Նոր Կտա­կարանը Աս­­տու­ծոյ Որդւոյն մարդեղու­թեամբ ու առաքելու­թեամբ իրա­գործո­ւած կոչ մըն է մար­դուն՝ ապ­րելու Քրիս­տոսով տրուած «լեցուն կեան­քը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկ­­նային արժէքներու եւ ընթանալու փրկու­­թեան ճա­նա­պար­հէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հո­գեւոր կեանքը մարդուն վե­րադարձն է իր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ, ան Աստու­ծոյ ներկա­յու­թիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէք­ներու կենսագոր­ծումով:

Հոգեւոր կեանքը զանազան կերպերով ու աւանդութիւններով կ’ար­­­­­­­­տայայտուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Քրիստոնէութեան եզա­­­կի երեւոյթներէն մէկը հաւատքի ու մշակոյթի միախառնումն է. այլ խօսքով՝ հաւատքը ինքզինք կ’արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամ­բով եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հա­ւատքի ազդու ներկայութեամբ: Այս իրողութիւնը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ բոլոր եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական երեւոյթ մըն է: Ահա թէ ինչու, նկատի ունենալով ազգերու մշակոյթներուն տարբե­րութիւնը, հո­գեւոր կեանքը տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտաւո­րում ունեցած է քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Հին դա­րերէն սկս­եալ Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու մշակոյթի կողքին նաեւ խորհրդապաշտութիւնը, դի­ցաբանութիւնը եւ բնազանցութիւնը իրենց որոշակի ազդեցու­թիւնը ու­նե­ցած են ընդհանրապէս քրիստո­նէական կեանքին ու մտա­ծողու­թեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի զանա­զան երեսներուն ու յատկապէս վանա­կա­նու­թեան վրայ:

Ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է ծիսական ու վանական կեանքին վրայ: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ վա­նական կեանքին առընթեր՝ աստուածաբանական մտածո­ղու­թեան վրայ: Բողոքական եկեղեցիներու մօտ Աստուածաշունչը կեդ­րոնա­կան ներկայութիւն եղած է, որպէս հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Ափրիկ­եան եկեղեցիներ, ինչպէս մատնանշեցինք, կը շեշտեն արուեստ­ներու ու յատկապէս երաժշտութեան ու պարի կարեւո­րու­թիւնը, որպէս հո­գեւոր ապրումներու հարազատ արտայայտութիւն: Ասիական եկե­ղեցիները, որ­պէս փոքրամասնութիւն շրջապատուած ըլլալով այլ կրօն­ներով, կրած են անոնց մտածելակերպին ու կեն­ցա­ղակերպին զօրեղ ազդեցութիւնը: Իսկ Ամերիկայի ափրիկեան ծա­գում ունեցող Աւետարանական եկեղեցիները ա­ռա­ւելաբար ցու­ցա­­կան երե­­ւոյթ­ներու կարեւորութիւն կու տան, ազդուե­լով  ափրիկ­եան մշա­կու­թա­յին աւանդու­թիւն­ներէն: Հետեւաբար, հո­գեւոր կեան­քը այսօր տար­­բեր կերպերով ու շեշ­տաւորումներով կը ներ­կայանայ մեզի քրիստո­նէական աշխարհին մէջ: Բնականա­բար, այս բոլորին հիմքը ու հէնքը երկնային արժէքներու հաւատարմութեամբ՝ Աստու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ապրիլ է երկ­րա­ւոր կեանքին մէջ:

Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ եր­կու երեւոյթներ կը մնան մտահոգիչ եւ ո՛չ ընդունելի.– Առաջին, քրիս­տոնէութեան աւանդական արժէքներէն ու աստուածաբա­նա­կան ու­սու­ցումներէն հետզհետէ հեռացումը եւ արեւելեան կրօն­նե­րու աւան­դութիւն­ներու ու կերպե­րու որդեգրումը: Երկրորդ, «հաւա­տա­լը», որ­պէս ան­հատական ապ­րում, եւ մկրտութեամբ եկե­ղեց­ւոյ «պատ­կա­նիլը» իրար­­մէ անջատելը՝ առաջնահերթութիւն տա­լով առա­ջինին եւ փաստօրէն անտեսելով երկրորդը: Յիշ­եալ զար­գա­­ցում­ներուն նկատ­­մամբ եկեղեցիները խիստ վերա­բերում ցոյց տուած են:

 

Հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ

Հպանցիկ ակնարկ մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կը պարզէ հե­տեւեալ պատկերը.–

Ծէսի ճամբով առաւելաբար արտայայտուած է հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հին դարերէն սկսեալ ծէսը կեդրոնական ներկա­յու­թիւն դարձած է հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողու­թեան զարգացման, դա­ւանաբանական տեսակէտներու բանաձեւ­ման, ինչպէս նա­եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կազմաւոր­ման մէջ: Երեւոյթ մը, որ ընդ­հանրական կարելի է նկատել յատկա­պէս ուղղափառ եկե­ղեցիներու մօտ: Ար­դարեւ, ժամերգութիւններու, խորհրդակատա­րու­թիւններու, սրբոց տօնակատարութիւն-ներու եւ եկե­­ղեցական աւան­­դութիւն­նե­րուն աղ­բիւրը եղած է ծիսական կեան­քը՝ բնակա­նա­բար առանցք ունենալով սուրբ եւ անմահ պատարագը:

Վանական կեանքը եւս անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով ծէ­սին, եղած է հոգեւոր կեանքի կարեւոր շրջագիծը: Հեռու առօրեայ կեան­քէն, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ամբողջական ու հարազատ կա­տա­րու­մով, ինչպէս նաեւ խստակրօն կենցաղակերպով յատկանշուող վա­նական կեան­քը դարձած է հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկե­ղեցիներուն մօտ, հոգեւոր կեանքին ամենէն ցայտուն ու համապար­փակ արտա­յայտիչը: Այսօր, դժբախտաբար, մեր եկե­ղեց­ւոյ կեանքէն ներս պայ­մաններու պարտադրանքով վանական կեան­քը փաստօրէն նահան­ջած է: Վանական կեանքի, վերականգ­նումը հարկ է որ կարեւոր տեղ գրաւէ հայ եկե­ղեցւոյ բարեկար­գու­թեան օրակարգին վրայ:

Մշակոյթը դարձած է մեր բարոյական, ծիսական, աստուածա­բա­նական, դաւանական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր արժէքներու զար­գացման ու արտայայտման էական միջոց: Կարելի չէ հոգեւոր կեան­քը իր բոլոր տա­րածք­ներով անջատել հայ մշակոյթէն, եւ՝ փոխադար­ձա­բար:

Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներու պարագային, նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր կեանքը ենթակայ դարձած է մի­ջա­վայրի ազդեցութիւններուն: Մերձաւոր Արե­ւել­քէն ներս մեր եկե­­ղե­ցին, մնայուն կապեր ունենալով ասորական, յունական եւ լատի­­նական հոգեւոր արժէքներուն ու աւանդութիւն­նե­րուն հետ, որոշ տար­րեր առած է անոնցմէ, զանոնք հայացուցած ու միա­խառնած իր աւան­­դու­թիւններուն: Արեւմուտքի մէջ եւս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեան­քը միշտ ենթակայ եղած է իր շրջապատի ազդեցութիւններուն: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ եկեղեցւոյ հո­գեւոր կեանքի ինք­նարտայայտութեան կեր­­պերը եւ շեշ­տա­ւորումները ժա­մա­նակի ըն­թացքին որոշ փոփո­խու­թիւն կրած են, մեր հոգեւոր կեան­քը կրցած է պահել իր իւրայատուկ ինքնութիւնը՝ Աստուածաշունչը, մեր հայրապետ­ներու հոգեւոր գրականութիւնը, մեր սուր­բերուն վար­քը եւ դարերու փորձառութիւնը ունենալով ներ­շնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց:

 

Հոգեւոր կեանքը այսօր

Այսօր, պայմաններու բերումով մեր ժողովուր­դին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբե­րա­բար անցեալին: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հետեւեալ մատ­նա­նշում­ները կատարել.–

Առաջին, մեր եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն: Բնա­­կա­նաբար, ուղղափառ եկեղեցիներու նման հայ եկեղեցին եւս կը շա­րունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ ծիսական կեանքին՝ նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը հոգեւոր կեանքի զար­գաց­ման մէջ: Հե­տեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, հրամայական եւ անյետա­ձգե­լի կը համարենք ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներ­կայ պայ­ման­ներու ու պահանջներու պատշաճեցումով,  աւան­դու­թիւն­նե­րու ու տօ­նախմբութիւններու ճոխա­ցու­մով եւ ժողովուրդին գոր­­ծօն մաս­նակ­­ցու­­թեամբ:

Երկրորդ, դարձեալ պայմաններու բերումով, պատմութեան ըն­թացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան եւ ծառայութեան մէջ ազ­գա­յինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին: Մասնա­ւո­րաբար ցե­­ղաս­պանութենէն յետոյ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, հա­յա­պահ­պա­նման մտահոգութենէն մղուած, եկեղեցին առաւելա­բար շեշ­տած է իր ազգային դերակատարութիւնը: Առանց անտեսելու ազ­գային արժէք­նե­րու կարեւորու­թիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղե­ցին յա­տուկ նախա­ձեռ­­նութիւններու դիմելով շեշտէ հո­գեւոր արժէք­նե­րու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեան­քէն ներս՝ որ­պէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակու­թային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:

Երրորդ, իրապաշտ մօտեցումը այսօր ցոյց կու տայ, թէ մեր կրօ­նական շրջա­նակներէն ներս հո­գե­ւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդ­հան­րա­պէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէ ներս՝ լու­սանց­քային: Ճի՛շդ է, յատկապէս տօնական օրե­րուն մեր եկեղե­ցի­ները լե­ցուն են հաւատացեալներով: Ճի՛շդ է, մեր գաղութներուն մէջ կը գոր­ծեն հոգեւոր եղ­բայ­րակ­ցու­թիւններ: Նաեւ ճի՛շդ է, Մեծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կաթողիկո­սու­թիւնը ու իր թեմերը յա­տուկ կարեւո­րութիւն կ’ըն­ծայեն հոգեւոր կեան­քի աճման՝ սուրբ գրոց սեր­տողու­թիւններու, հո­գեւոր լսարան­ներու, սրբոց տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րու, քրիստոնէա­կան դաստիարա­կու­թեան կազ­մա­կերպումով ու ծաւա­լու­մով, ինչպէս նա­եւ ծի­սա­կան կեանքին մեր հաւատացեալներուն հետզհե­տէ աճող մաս­նակ­ցութեամբ: Սակայն, հոգեւոր արժէք­ներու ներթա­փան­ցումը մեր ան­հա­­տական, ընտանեկան ու հաւաքա­կան կեանքէն ներս տա­կաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նա­խաձեռ­նութիւններու ու հետեւողական աշխատանք­ներու: Ինչպէ՞ս…:

Այս հարցադրումին անդրադառնալէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկա­տենք նախ ­ընդհանուր ակնարկ մը նետել հոգեւոր կեանքի յատ­կա­նշական երեսներուն:

 

Ի՞նչ է հոգեւոր կեանքը

Հոգեւոր կեանքի ճշգրիտ հասկացողութեան համար հրամայա­կան է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.–

– Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիս­տոս ինքն է՝ իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատ­­­գամները, իր խաչն ու յարութիւնը: Այլ խօսքով, Աստու­ծոյ Որդւոյն մար­­դե­ղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպա­տակը՝  շաղախո­ւած մարդու կեանքին, մտածումին ու գոր­ծին հետ: Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ՝ «Ես չէ որ կապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կապրիմ մարմնով, կապրիմ հաւատա­լով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի հա­մար»: (Գղ 2.20): Ահա հոգեւոր կեանքի հիմքը:

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգիով ներ­շնչուած կեանքի ընթացք
մըն է, մարդու կեան­քին իմաստ ու արժէք տուող հաւատքի մնա­յուն փնտռտուք մը: «Փոր­ձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստո­սի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անու­նը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5)՝ հարց կու տայ Առաքեալը:

– Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած ըլ­լալու կեանք է, եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւա­տարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգոյշ ըլլալով չհեռա­նալու փրկութեան ճամբէն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը (Եբր 2.1):

– Հոգեւոր կեանքը ինքնակեդրոն կեանք չէ՝ հեռու աշխարհի իրա­կանութիւններէն: Ան աշխարհի ժխորին մէջ երկնային արժէքներով ապրուած հաւատքի, սիրոյ ու զոհո­ղու­թեան կեանք է. «Աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անա­րատ պահելն է»՝ կ’ըսէ Առաք­եալը (Յկ 1.27):

– Հոգեւոր կեանքը ինքնանպատակ կեանք չէ. քրիստոնեան իր կեանքը չ’ապրիր սոսկ իր անձին համար, այլ գերազանցօրէն՝ երկրի վրայ երկնային ճշմարտութիւններու կենսագործ­ման, Աս­տու­ծոյ փառ­քին ու թա­գաւո­րութեան համար:

– Հոգեւոր կեանքը էապէս աղօթքի կեանք է: Աստուած-մարդ յա­րաբերութիւնը հիմքը կը կազմէ հոգեւոր կեան­քին: Քրիստոս աղօթ­քին առանցքային կարեւորութիւնը շեշտեց եւ նոյնիսկ իր աշա­կերտ­ներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մտ 6.5-14, Ղկ 11.1-13):

– Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք է: Արդարեւ, իր երկրաւոր կեանքը Քրիստոսի նկատ­մամբ իր ունե­ցած հաւատքով ու յոյսով հզօրացուցած Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ՝ «Ամէն տե­սակ նեղու­թիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագ­նապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպա­կաս են, բայց լքուած չենք. յա­ճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ.Կր 4.8-9): Այլ նա­մակի մը մէջ ան կ’ըսէ՝ «Նեղու­թիւն­­ները մեզի համ­­բե­րու­թիւն կու տան, համբերութիւնը տոկունու­թիւն, տոկունու­թիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-4):

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ զինուած պայքարի կեանք է. պայքար՝ աշխարհի ապականութիւններուն ու մեղքերուն, չարիքներուն ու չարերուն դէմ: Պայքար չարի դէմ՝ չարին բարիով յաղ­­թելու հաւատքով ու կամքով կռանուած (Հռ 12.21): Առաքեալը կը յի­շեցնէ. «Աշխարհին հետ բարեկա­մու­­թիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամու­թիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4):

– Հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի օրինակով ուրիշին օգտակար ըլլալ է, աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին ծառայել է՝ անհուն սիրով ու նուիրումով: «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկա­կան բարեպաշ­տութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրի­ներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է» կ’ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):

– Հոգեւոր կեանքը ո՛չ միայն երկնային ճշմարտութիւններով ապրուած կեանք է. այլ՝ զա­նոնք իր կեանքի օրինակով վկայող, ար­տայայտող ու տարածող առաքելութիւն է: Արդարեւ, իր կեանքը ա­ռա­քելութեան վերածած Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ՝ «Աստու­ծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամ­բողջ եկե­­ղե­ցիին շինութիւն կը բերէ» (Ա.Կր 14.4):

– Հոգեւոր կեանքը անմնացորդ սիրոյ բաշխում է հոն՝ ուր սէրը բացակայ է, հոն՝ ուր ատելութիւն ու չարիք սերմանուած են: Հոգեւոր կեանքը սի­րել է մեզ ատողը ու հալածողը: Լսենք Առաքեալին պատ­ուէրը.– «Իրա­­րու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրա­րուինչպէս Աստ­ուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներե­ցէք» (Կղ 3.13):

– Հոգեւոր կեանքը հեռու մնալ է հաճոյքով, փառքով եւ նիւ­թական առաւելութիւններով յղփացած կեանքէն ու Քրիստոսի ետեւէն քալել
է՝ սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ խաչը մեր ուսին, ինչպէս Քրիստոս թելադրեց (Մտ 16.24):

– Հոգեւոր կեանքը դաւանական տեսակէտերէ ու աստուածա­բանա­կան ուսուցումներէ հեռու, երբեմն նոյնիսկ զանոնք անտեսող մօտեցումներով յատկանշուող կեանքի ընթացք չէ. այլ եկեղեցւոյ ինք­­­նութեան ու համայնական կեանքին նկատմամբ հաւա­տար­մութեամբ ընդելուզուած կեանք է:

– Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք չէ. հոգեւոր ու բարոյական ար­­ժէք­ները եկեղեցիէն դուրս ապրելու իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայ­նական կեանքի շրջագծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ ներգործող ներկայութեամբ շա­ղախո­ւած համբերութեան ու խոնարհութեան կեանք է: Իր կեան­քին օրի­նակով Պօղոս Առաք­եալ կը պատուիրէ համբերութեամբ ու խո­նար­հութեամբ յանձն առնել նեղութիւնը, վիշտը ու չարչարանքը (Բ.Կր 6.4-6), եւ ապա կ’աւելցնէ՝ «Մի այլայլիք՝ ոչ փառքէն եւ ո՛չ անար­­գան­քէն, ո՛չ գովա­սան­քէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն» (Բ.Կր 6.8):

– Հոգեւոր կեանք ապրիլ չի նշա­նակեր աշխարհէն հեռանալ, այլ՝ հոգեւորը նկատելով գերիվեր քան նիւթականը, պայքարիլ է նոր ժա­մանակներու կռապաշտութեան ու հեթանոսութեան չաստուած­նե­րուն դէմ, որոնք տեսանելի ու ան­տեսանելի կերպերով մեզ կը շրջա­պա­տեն:

– Հոգեւոր կեանքը, հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբե­րու­թիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեց­ւոյ դաւանան­քին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգե­ւոր կեանքը ի՛նք ստեղծող: Նման ան­ջա­տում ճի՛շդ չէ: Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ըն­թաց­քով հո­գեւոր չի դարձներ ենթական: Հո­գեւոր կեանքը, ինչպէս ըսինք՝ եկեղեցւոյ հաւաքա­կան կեան­քին մէջ հոգեւոր արժէք­ներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:

Արդ, որքա՜ն դժուար է հոգեւոր կեանք ապրիլը, չարով ու մեղքով լեցուն աշխարհին մէջ: Սակայն, մկրտութեամբ Քրիստոսին հետեւե­լու ուխտը կատարած քրիստոնեան կեանքի բոլոր պայմաննե­րուն մէջ կոչուած է Քրիստոսը ապրիլ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ քրիս­տոնեայ մար­դուն կեանքը:

Հարկ է զգոյշ ըլլալ հոգեւոր կեանքի սխալ ըմբռնումներէն ու ար­տայայտութիւններէն: Հաւատքի ու բանականութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծէ­սին ու աւանդութիւն­ներուն ներդաշնակ յարաբերու­թիւ­նը հարկ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հոգեւոր կեան­քին մէջ, այլապէս ան կրնայ հեռացնել ենթական Աստուածաշունչի ու դաւանանքի ուղղա­փառ հասկացողութենէն, եւ առաջնորդել ո՛չ-քրիստոնէական տա­րածքներ: Հարկ է նաեւ հեռու մնալ հո­գե­ւոր կեան­քի չափազան­ցուած ցուցա­կան արտայայտու­թիւն­ներէն՝ մոռնա­լով էականը եւ սոսկ արտաքին ձեւը նկատելով կա­րեւոր: Միշտ յիշենք Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առա­կը (Ղկ 18.9-14):

ՀԱՅՐԱԿԱՆ Թելադրութիւններ

Ընդհանուր ակնարկով պարզելէ յետոյ հոգեւոր կեանքին յատ­կանշա­կան երեսները, այժմ դարձեալ ամփոփ գծերով կ’ուզենք կա­տարել հետեւեալ հայրական թելադրութիւնները, թէ ինչպէս կարելի է հո­գեւոր կեանք ապրիլ, հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ՝ մեր կեանքը հո­գեւոր արժէքներով հարստացնելով ու իմաստաւորելով.–

1) Առաջին հերթին, Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք է կազմէ մեր կեանքին: Աստուածաշունչը սովորական գիրք չէ, ինչ­պէս ըսինք: Քրիս­տո­նէական կեանքի ճշմարտութիւնները, սկզբունք­ները եւ արժէքները յստակօ­րէն պարզուած են հոն: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ծանօ­թութիւնը էա­կան է. անոր առօրեայ ընթեր­ցու­­մը պէտք է դառնայ մեր կեանքի բնա­կան մասը: Սակայն, ընթեր­ցումէն ու ծանօթութենէն ան­դին՝ հրա­մայական է ապրիլ Աստուա­ծաշունչի պատ­գամը, զայն դարձնե­լով ուղեցոյցը մեր մտածումնե­րուն, գործերուն ու ապրելակերպին:

2) Աստուածաշունչին առընթեր, հոգեւոր գրականութեան ընթեր­ցումը եւ Աստուածաշունչին առնչուած մեկնաբանութիւններուն իրա­­զեկ դառնալը կը նկատենք անհրաժեշտ, պայմանաւ որ անոնք պա­րա­գայական հրատարակութիւններ չըլլան, այլ պատրաստուած ըլ­լան գիտակ հեղինակներու կողմէ եւ ունենան եկեղեցւոյ հեղինակու­թեան համա­ձայնութիւնը:

3) Թեմերուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ  դասախօսութիւն­նե­րու ու սեմինար­ներու կազմակերպումը եւ մեր ժողովուրդի զա­ւակ­ներուն հե­տեւողական մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի հո­գեւոր արժէքներու ծանօթութիւնը դառնայ աւելի ամբողջա­կան ու վա­ւերական:

4) Սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններու ու խորհուրդներու իմաստին ու նպատակին պար­զաբանումը ու ժողովուրդին փոխանցումը դարձեալ հրա­մա­յա­կան է, որ­պէսզի հաւատացեալները կարենան մօտէն հա­ղորդ դառ­նալ մեր ծիսական կեանքին մէջ պարզուած ճշմարտու­թիւն­նե­րուն, ուսուցումնե­րուն, սկզբունք­­ներուն եւ արժէք­նե­րուն:

5) Եկեղեցւոյ սուրբերուն տօնախմբութիւնը եւ աւանդութիւններու վերակենսաւորումը, եւ այդ ծիրէն ներս ծոմապահութեան վերաշեշ­տումը ազդու միջոցներ են մեր հաւատացեալներուն համար՝ հո­գեւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց կեանքը:

6) Նիկիական հանգանակի – ուր պարզուած են եկեղեցւոյ դաւա­նան­քին հիմնական սկզբունքները – ճշգրիտ ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ Զղջումի – ուր նկարագրուած են մարդկային մեղքերը եւ ա­նոնց­­մէ Քրիստոնեայ մարդուն հրաժարումը – յաճախակի ընթեր­ցու­մը առ ի յիշեցում, կը նկատենք էական:

7) Թելադրելի է, որ մեր հաւատացեալները ժողովուրդին մատչելի ժամագիրքերու – ուր կարելի է գտնել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ Աւագ Շաբթուան, ժամերգու­թիւն­ներու ու խորհուրդներու բարե­փոխ­ուած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանուած բնագրերը – ճամբով մօ­տէն հետեւին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:

8) Ծխային եկեղեցիներու կողմէ կատարուող մարդասիրական ու հովուական ծառայութիւններու վերակազմակերպումը եւ եկեղեցի–ժողովուրդ յարաբերութեան սերտացումը ու ծաւալումը՝ կենսական գործօն­ներ են հայ կեան­քէն ներս հոգեւոր արժէքներու առաւել ար­մատացման:

9) Մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող հոգեւոր եղբայ­րակցու­թիւն­ներուն գործունէութեան քաջալերանքը, եւ անհրա­ժեշ­­տու­թեան պարագային նման շարժումներ ստեղծելը կը նկա­տենք կարեւոր:

10) Սուրբ եւ անմահ պատարագին իմաստը ու նպատակը հաղոր­դու­թիւնն է Քրիստոսի մարմնին ու արեան: Մեծապէս գնահատելի է ամէն Կիրակի հաւատացեալներու հաղորդութիւն առնելու հետզհե­տէ աճող երե­ւոյթը: Հարկ է որ շարունակուի մեր հոգեւոր կեանքը սնուցանող այս ընթացքը:

11) Բարեսիրական աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայու­թեան լծուած կեդրոններու, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն մա­տուց­­ուած օժանդա­կութիւնը հոգեւոր կեանքի հարազատ արտայայտու­թիւն­ներէն մէկն է:

12) Մեծապէս թելադրելի է, որ մեր ծխային եկեղեցիները բաց մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որպէսզի անոնք կարենան որեւէ ժամա­նակ այցելել Աստուծոյ տունը եւ առանձնական աղօթքի ճամ­բով ապ­րիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ:

Տակաւին կարելի է մատնանշել այլ երեւոյթներ ու քայլեր, որոնք կրնան աւելի ամրա­պնդել հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը:

Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը մեր նախա­սիր­ած միջոցներու շեշտաւո­րումով, սակայն առանց հեռու մնա­­­­լու մեր եկեղեցիէն, աստուա­ծաշունչի ուսուցում­ներէն, մեր եկեղեցւոյ դա­ւանա­նքէն, ուսուցում­ներէն, աւանդութիւն­ներէն եւ առաքե­լութենէն: Ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ եւ որպէս սիրոյ գերա­գոյն արտայայտութիւն ծառայելով ու օգնութեան ձեռք երկա­րելով մեր ազգի ու հայրենիքի կարիքներուն:

Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու, Կրօ­­­­նական Ժողովներու ու հոգեւորականներու ծրագրուած ու հե­տե­ւողական աշխատանքով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը աւելի աճի ու ծաղկի՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառու­թեան ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման:

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով,

 

­Աղօ­թա­րար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2026
Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան