
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց նիւթ ունենալով օրուան աւետարանական ընթերցումը։ Ան ըսաւ, թէ Անառակ Որդիի առակի գլխաւոր դերակատարը երիտասարդ մըն է, որ կ՚ուզէ իր կեանքը վարել պապենական ժառանգութենէն հեռու։ Իր երազային իտէալներով մեծ շրջանակ կը կազմէ, բայց աւաղ կարճ ժամանակով, որովհետեւ երբ ունեցուածքը կը փճացնէ, կեանքը դէպի անդունդ կ՚ընթանայ։ Առարկայական քննարկում կատարելով իր վիճակին, ան կը վերադառնայ հօր տունը, ուր կը գտնէ կրկին սէր եւ գուրգուրանք։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՕՄ-ի հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայորդիներու հոգիներուն համար։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքի առաքելութիւնը եւ ըսաւ. «ՀՕՄ-ը գթասրտութեան աշխարհատարած իր թեւերով, բարեգործութեամբ կը հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներու օժանդակութեան, պահապանն է հայ մշակոյթի ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի բարձրագոյն ուսման հովանաւորը»։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով Պաքուի եւ շրջայից ջարդերուն, ըսաւ. «Անցեալը պէտք չէ մոռացութեան տալ, որովհետեւ եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք ահաւոր աղէտներու շարքին՝ 1890-ական թուականներու համիտեան ջարդերուն, 1909-ի կիլիկեան ջարդերուն, 1915-ի ցեղասպանութեան, 1988-ի փոկրոմներուն, 2023-ի արցախահայութեան տեղահանութեան, անոնք մէկ բան կը ցուցանշեն՝ թէ մեր ժողովուրդի գոյութեան դէմ սադայէլական ահաւոր ոճիր գործադրուած է, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, որուն դիմաց պէտք է բոլորս վճռական կերպով պատրաստ ըլլանք դիմակալելու այս ամէնքը եւ աւելին, միշտ հաւատալով Աստուծոյ նախախնամութեան, որ մեր ժողովուրդի պահապանը եղած է, է եւ պիտի ըլլայ»։
Յաւարտ Պատարագի, Սրբազան Հայրը միացաւ ՀՄԸՄ-ի եօթը մասնաճիւղերէ ժամանած սկաուտական շրջանային համագումարին եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ խօսք ուղղեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը այն միութիւնն է, որ ո՛չ միայն մարմնակրթանք, այլ նկարագիր եւ անհատականութիւն կերտող կազմակերպութիւն մըն է։ Քաջալերեց, որ այս ոգիով սկաուտները յարատեւեն իրենց աշխատանքներուն մէջ։
