Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇԱՐՔԻ ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու երրորդ նիստին։ Այս շարքը տեղի կ՚ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, առցանց դասախօսեց Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ, նիւթ ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ ժողովները, որուն մասին վերջերս հատոր մը հրատարակած է։ Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը եւ հիւրասիրութիւն։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 11 Մարտին, փրոֆ. Մայքլ Փափազեան պիտի խօսի «Ս. Յովհան Օձնեցի եւ Քրիստոսի բնութիւնը» նիւթով, որ նաեւ կը ցոլացնէ Մանազկերտի ժողովի աստուածաբանական երեսը։