Մեր դպրոցներէն

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Շաբաթ, 7 Մարտին, տեղի ունեցաւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցիչներու վերորակաւորման դասընացքի երրորդ դասախօսութիւնը։ Դասախօսն էր տիկ. Մելանի Գլըճեան, որ Ֆրանսայի մէջ ուսուցչական ասպարէզին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունի թէ՛ իբրեւ միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու դասատու եւ թէ՛ համալսարանական ուսանողներու դասախօս։  «Արեւմտահայերէնը այսօր» նիւթով դասախօսութեան ընթացքին քննարկուեցան արեւմտահայերէնը դասաւանդելու դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները Ամերիկայի եւ Եւրոպայի երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր մօտեցումները զանոնք յաղթահարելու համար։

2025-26 տարեշրջանի ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրի դասընթացքի գլխաւոր թեման է ինչպէ՞ս դասաւանդել հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու։ Նախորդ դասախօսութեան՝ 17 Յունուարին, Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) վաստակաշատ ուսուցչուհի տիկ. Արտեմիս Մկրտիչեան իր  երկարամեայ փորձառութիւնը  ներկայացուց եւ մասնակիցներուն օգտակար մեթոտներու  ծանօթացուց։