Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) Ծաղկազարդի առիթով։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը Քրիստոսի օրինակով խոնարհութեան ու ծառայութեան մասին իր պատգամը տուաւ, դրուատելով ծխականներու նուիրումն ու յանձնառութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրին։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ նոր կողմնակի դրան օրհնութիւնը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Վարագոյրի բացման կնքահայրն էր երիտասարդ ծխական Մարք Կիւզէլեանը։

Օրուան եզրափակիչ ձեռնարկն էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած անուշեղէններու վաճառքը։

Յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը նախագահեց ACECի տարեկան ճաշկերոյթին։ Ան բարձրօրէն գնահատեց համերաշխութիւնը եկեղեցւոյ եւ բոլոր քոյր կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Մանաւանդ վեր առաւ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ ճաշկերոյթի ընթացքին։