Առաջնորդարանէն

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ

Աւագ Հինգշաբթի օր Սուրբ Պատարագի, Ոտնլուայի եւ Խաւարման  արարողութիւն-ներուն  մասնակցելէ ետք Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ առաւօտ Նիւ Ինկլընտի եկեղեցիներու այցս ամբողջացնելու համար ուղղուեցայ դէպի Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս։ Պանդոկի կառատունի պատասխանատուն, որ տիկին մըն էր, վզի օձիքէս կռահելով որ եկեղեցական եմ, ջերմօրէն դիմաւորեց զիս ու ըսաւ. «Վարդապետ, յուսամ հանգիստ գիշեր մը ունեցաք»։ Պատասխանս նոյնքան քաղաքավարի ըլլալով, խաղաղ Աւագ Շաբաթ եւ ուրախ Զատիկ մաղթեցի իրեն։ Յանկարծ անհանգիստ զգացի, երբ ան պահ մը լռեց եւ իր երեսին վրայ տխրութեան ալիք մը նկատեցի։ Ապա յայտնեց, թէ իր հաւատքը կորսնցուցած ըլլալով, քանի մը տարիէ ի վեր եկեղեցի չի յաճախեր, որովհետեւ ընտանիքի անդամներէն մէկուն չարաբաստիկ դէպք մը պատահած էր։

Անկեղծ ըսած, զղջացի այս անախորժութիւնը պատճառած ըլլալուս համար։ Մտածեցի, թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար փոխանակ մաղթանքիս, շնորհակալութիւն  յայտնելով ինքնաշարժս մտնէի եւ քալէի։ Այդուհանդերձ, մտածելով որ այս կացութեան մէջ հեռանալս աւելի վատ պիտի ըլլար, հանդարտամտութիւնս գտնելով  շարունակեցի խօսակցութիւնը՝ մօտէն ծանօթանալու համար կնոջ ցաւի խոր ծալքերուն։ Անդրադարձայ որ սիրտը որքան որ կ՚արիւնոտէր ցաւալի պատահարին համար, նոյնքան կը մղկտար իր հաւատքը կորսնցնելուն եւ ինքզինք Աստուծոյ Տունէն հեռացնելուն համար։

Իրազեկ ըլլալէ ետք անոր ցաւի խորութեան, փորձելով զինք դուրս բերել այս ահաւոր տառապանքէն, որ տարիներէ ի վեր կը մաշեցնէր զինք, զանազան դառն փորձառութիւններ բաժնեցի հետը եւ ըսի, թէ բոլորս ալ պէտք է նայինք Անոր որ Խաչին վրայ մեզի սորվեցուց անկարելին՝ ներելով եւ աղօթելով։ Ապա աւելցուցի, թէ ինչպէս Գողգոթայի ճամբուն վրայ երբ Քրիստոս կքեցաւ խաչի ծանրութեան տակ եւ Սիմէոն Կիւրենացի օգնութեան եկաւ (Մկ 15.21), նմանապէս Աստուածամայրը, որուն սիրտը խաչին դիմաց խոցուած էր սուրով, ինչպէս որ Սիմէոն Ծերունի մարգարէացած էր երբ քառասնօրեայ Յիսուս մանուկը տաճար բերուած էր (Ղկ 2.35), Քրիստոսով որպէս բոլորիս մայրը, ան օգնութեան կրնայ հասնիլ մեր խաչը եւս կրելու, որքան որ ալ ծանր ըլլայ, եւ կը զօրացէ մեզ։ Խնդրեցի իրմէ որ իր անհուն ցաւը յանձնէ Աստուածամօր, ծանօթ որպէս Ցաւի ու Մորմոքի Մայր։ Այնուհետեւ իրեն յանձնեցի սրուակ մը՝ իւղով լեցուն, զոր նախորդ օր Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին օրհնած էի, եւ յանձնարարեցի որ ամէն օր սրտին վրայ խաչաձեւ քսէ, որպէսզի յարուցեալ Քրիստոսով իր եկեղեցւոյ մէջ Զատիկը դիմաւորէ նորոգուած կեանքով։

Տիկինը, խորապէս զգացուած ըլլալով, իր հոգեւոր կեանքը վերականգնելու ուղղութեամբ իմ անկեղծ մօտեցումս տեսնելով, հարցուց եթէ կրնայ գրկել զիս։ Իմ կարգիս, խոր գոհունակութիւն զգացի անոր արցունքոտ աչքերուն մէջ տեսնելով իր հաւատքի վերահաստատումը։

Այո, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոնէական մեր հաւատքը միայն մեր երկնաւոր Հայրը պաշտելը չէ, այլ նաեւ Անոր Միածին Որդւոյն Բարի լուրը բերել է բոլոր անոնց կեանքին մէջ, որոնք յուսախաբութեան, յուսահատութեան, առանձնութեան եւ այլ ճնշիչ բեռներու լուծին տակ կը կքին։ Եւ պէտք ունին մէկուն որ իսկապէս ըմբռնէ իրենց ցաւին խորութիւնը, լսէ զիրենք, աղօթէ եւ ուրախանայ իրենց հետ Կեանք Բաշխող բոլորիս Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսով։


ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ