
News
ԱԲՐԱՀԱՄ Գ. ԿՐԵՏԱՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (մահ՝ 18 Ապրիլ, 1737)

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Աբրահամ Գ. Կրետացի կարճատեւ գահակալութիւն մը ունեցած է, սակայն դրական գործունէութիւն մը կատարած։ Գրած է իր գահակալութեան տարիներուն նուիրուած գործ մը, որ տարածաշրջանի պատմութեան արժէքաւոր սկզբնաղբիւր մըն է։
Աբրահամ Կրետացի ծնած է 17- րդ դարուն, Հերակլիոն մէջ (Կրետէ կղզի)։ 1708-1734-ին Թրակիոյ առաջնորդութիւնը վարած է։ 1734-ին ուխտագնացութեամբ մեկնած է Արեւելեան Հայաստան, որ այդ ժամանակ օսմանեան կարճատեւ տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Իր կրօնական ջերմեռանդութիւնը գրաւած է Աբրահամ Բ. Կաթողիկոսի (1730-1734) ուշադրութիւնը, որ իրմէ խնդրած է Ս. Էջմիածին մնալ։ Կաթողիկոսը վախճանած է 11 Նոյեմբեր, 1734-ին, համաճարակի մը ընթացքին, իսկ 24 Նոյեմբերին, Աբրահամ Կրետացի ընտրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, հակառակ իր բողոքներուն, թէ ծեր էր ու հիւանդ, թուրք կառավարիչի ճնշումներուն զիջելով։
Նոյն ժամանակ, Իրանի մէջ ասպարէզ իջած Թահմազ Ղուլի խանը (ապագայ Նատիր շահ, 1736-1747), պատերազմելով Թուրքիոյ դէմ, վերանուաճած է Իրանի կորսնցուցած հողերը, որոնց շարքին՝ Անդրկովկասը։ Աբրահամ Գ Կրետացի, շահելով Իրանի արքայ Նատիր շահի վստահութիւնը, վերականգնած է Էջմիածինի կաթողիկոսական աթոռի կալուածատիրական իրաւունքները եւ գերութենէն ու աքսորէն փրկած՝ բազմաթիւ հայեր։
Աբրահամ Կրետացի գրած է «Պատմագրութիւն անցիցն իւրոց եւ Նատր Շահին պարսից» երկը, ուր կը նկարագրուին Նատիր շահի պատերազմները Անդրկովկասի մէջ եւ որ այս ժամանակաշրջանի միակ ոչ-պարսկական սկզբնաղբիւրը կը հանդիսանայ։ Պատմութիւնը տպուած է 1796-ին, Կալկաթայի մէջ, եւ 1870-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ։ Թարգմանուած է ֆրանսերէնի (Մարի-Ֆելիսիթէ Պրոսէ, 1876) եւ անգլերէնի (Ճորճ Պուռնութեան, 2009)։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Աբրահամ Գ. վախճանած է 18 Ապրիլ, 1737-ին եւ թաղուած է Շողակաթ վանքին ձախ կողմը։