Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Իրաւաբանական Ընկերակցութեան կազմակերպուած հանրային ծառաներու ի պատիւ ընթրիքին, ուր փակման խօսքը եւ օրհնութիւնը կատարեց։ Այս տարուան մեծարեալներն էին իրաւաբան Արմէն Մերճեան եւ Նիւ Եորք նահանգի գլխաւոր վարչական դատաւոր Ժոզէֆ Ա. Զայաս։