Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼՈՒՂԻԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐԱՐԱՏ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Անցեալ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի եւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի հետ նախագահեցինք Ֆիլատելֆիոյ մէջ պատմական ձեռնարկի մը՝ Հայկական Ժառանգութեան Քայլուղիի (Armenian Heritage Walk) բացման, որ նուիրուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին։

Տարիներով փայփայուած երազ մը, որ իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ կազմակերպիչ Յանձնախումբի տեսլականի տէր նուիրեալ անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիահայ գաղութի եւ այլ բարերարներու անսակարկ օժանդակութեան։

Ուրբաթ իրիկուն Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարեդարձին առթիւ միջ-համայնքային արարողութիւն տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս մայր տաճարին մէջ, որուն յաջորդեց Հայաստանէն բերուած խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Շաբաթ առաւօտ, Armenian Heritage Walk-ի բացումը կատարուեցաւ։ Նոյն երեկոյ հանդիսութեանց շղթան փակուեցաւ ճաշկերոյթով՝ Constitution Center Hall-ի մէջ։

Անցնող յիսուն տարիներուն բոլոր անոնք որոնք այցելած են Ֆիլատելֆիոյ Արուեստի թանգարանի մօտիկ զետեղուած Փոքր Մհերի արձանի պուրակը, տառացիօրէն պիտի շշմին երբ տեսնեն լրիւ կերպարանափոխուած այս նոր քայլուղի-զբօսավայրը, որ բազմաթիւ խորհրդանիշերով կը մարմնաւորէ փառաւոր երազի մը իրականացումը։ Այսպէս՝ Քայլուղիին ընդհանուր գծագրութիւնը կը ցոլացնէ Նոյեան Տապանի հանգստավայրը Արարատ լերան վրայ։ Անոր երկարութիւնը 301 ոտք է, որ կը վերյիշեցնէ Հայոց Քրիստոնէութեան դարձը։ Սուրբ Երրորդութեան գաղափարը շատ նուրբ կերպով ներկայացուած է արուեստի ճամբով։ Ծաղիկներու, թուփերու եւ 64 ժայռերու սքանչելի հաւաքածոյ մը՝ Արցախէն ու Հայրենիքէն բերուած, կը յիշեցնեն դրախտավայր Հայաստանը, ուրկէ կը բխէին Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը, որոնք կ՛ոռոգէին սուրբ գրային Եդեմը։ Ի վերայ այսր ամենայնի, Փոքր Մհերի արձանը, որ անցնող կէս դարուն իր հայեացքը ուղղած էր Հարաւ՝ դէպի Արուեստի թանգարանը, այժմ ուղղած է Արեւելք՝ դէպի Հայաստան, պատգամաբերը ըլլալով այն ճշմարտութեան, թէ Հայը ուր որ ալ ապրի, միշտ իր աչքերը, միտքն ու սիրտը յառած կը մնան Արարատ լերան, մեր ներշնչումներուն եւ ինքնութեան աղբիւրին։

Բացման հանդիսութեան արտասանած խօսքս կրկնելով, կ՛ըսեմ․ «Ասիկա Հայկական Ժառանգութեան քայլուղի մը չէ սոսկ, այլ բաց դպրոց մը, կառուցուած սիրով, զոհողութեամբ եւ վսեմ տեսլականով, որպէսզի բոլոր այցելուներուն ծանօթացնեն Հայաստանի եւ Հայու ոգին, թէ եղա՛ծ ենք, ե՛նք եւ յաւերժ պիտի ըլլա՛նք որպէս Լոյսի եւ Կեանքի զաւակներ։ Եւ որպէս այդպիսին, Աստուծոյ մեզի պարգեւած բազմակողմանի տաղանդը պիտի գործածենք ստեղծագործելով, կառուցանելով եւ հարստացնելով մարրդկային մեծ ընտանիքը»։

Այո, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլորս պարտինք ուրախանալ, թէ որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակները, միշտ երախտապարտ եւ հաւատարիմ քաղաքացիները եղած ենք բոլոր այն երկիրներուն, որոնք մեզի ապաստան տուին Եղեռնէն ետք։ Միաժամանակ, մեր դառնագոյն փորձառութիւնը վերածելով Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ, միասին կը քալենք բոլոր այն ազգերուն հետ, որոնք կը տառապին մերօրեայ հալածանքներէն, ցեղասպանութիւններէն, տարագրութիւններէն եւ աշխարհի անտարբերութենէն։

Այս հասկացողութեամբ միշտ գոհութիւն յայտնենք Բարերար Աստուծոյ  որ կ՛առաջնորդէ եւ Սուրբ Հոգիով կը զօրացնէ մեզ որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոով միշտ Իր վկաները ըլլանք։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ