Կաթողիկոսարանէն

ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Հինգշաբթի 23 Ապրիլի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ապրիլեան Սրբոց Նահատակաց Մատրան առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին:

Դա՛րձեալ Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդով ու պատգամով պարուրուած է հայ կեանքը ամէնուրեք: Արդարեւ, որքան ալ տարիները մեզ հեռացնեն 1915 թուականէն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ստուեր պիտի չտեսնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Որքան ալ տարիները թաւալին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը նահանջ պիտի չարձանագրէ գալիք սերունդներու հաւաքական պայքարին մէջ: Վկա՛յ՝ անցնող 111 տարիները: Վկա՛յ՝ նոր սերունդներու ամուր կամքը, վճռական ոգին ու անտեղիտալի պայքարը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ, Մենք ճշդած էինք յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել նշանաբանը: Հետագային 100-ամեակի ծրագրումի համազգային մարմինը նախընտրեց միայն «Յիշում եմ եւ Պահանջում» տարբերակը։ Սակայն, Մենք կառչած մնացինք Մեր սկզբունքային տեսակէտին վրայ, որովհետեւ, յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել սերտօրէն ընդելուզուած են, զիրար կ’ամբողջացնեն եւ ռազմավարական խորունկ իմաստ ունին:

Հետեւաբար,

Առաջին.- Մենք պիտի շարունակենք ՅԻՇԵ՜Լ, որքան ալ դառն ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները. յիշել՝ մեր հայրերուն ու մայրերուն ջարդը, մահուան կարաւանները, Տէր Զօրի աւազներուն վրայ անթաղ մնացած մեր նահատակները, մեր մտաւորականներու սպանդը, մեր գիւղերուն ու անոնց բնակիչներուն հրկիզումը, Եփրատ գետին մէջ խեղթամահ դարձած մեր մայրերն ու մանուկները: Մենք պիտի շարունակենք յիշել հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը՝ խորաններէն, ամպիոններէն ու բեմերէն եւ մեր ընտանիքներէն ներս: Պիտի յիշենք ամէ՛ն տեղ, ուր հայու շունչ կայ: Սաղմոսին բառերը փոխ առնելով կ’ըսեմ.- եթէ քեզ մոռնամ, ո՜վ Հայոց Ցեղասպանութիւն, թող աջ ձեռքս կտրուի, լեզուս չորնայ, եթէ քեզ չյիշեմ… (136):

Սա պէտք է դառնայ ուխտը իւրաքանչիւր հայու: Ես չեմ հաւատար, որ այս մոլորակին վրայ գտնուի հայ մը, որուն արեան հետ միախառնուած ու գիտակցութեան հետ շաղախուած չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այլապէս, ուրացում է հայու ինքնութեան:

Երկրորդ, Մենք պիտի շարունակենք աշխարհին ՅԻՇԵՑՆԵԼ Օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով ու ծրագրումով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Սա պատմական անուրանալի փաստ է: Արդարեւ, գրադարաններ լեցնող բազմահարիւր ուսումնասիրութիւններ, հրատարակութիւններ, յօդուածներ ու փաստաթուղթեր աշխարհի բոլոր մատենադարաններուն ու արխիւներուն մէջ, ներառեալ Թուրքիոյ, պատմական հիմնաւորումներով կը փաստեն հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Տակաւին ամիս մը առաջ, Կաթողիկոսարանը հրատարակեց երկու աշխատասիրութիւններ, արաբերէն լեզուով, պատրաստուած Սէուտական Արաբիայէն Սիւննի մտաւորականի մը եւ Լիբանանէն Շիիթ մտաւորականի մը կողմէ, որոնք կը պարզեն Հայոց Ցեղասպանութեան ներքին ծալքերը: Կաթողիկոսարանին մէջ տպագրութեան ընթացքի մէջ է այլ աշխատասիրութիւն մը, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով, երկու մեծածաւալ հատորներ, որոնք կը պարունակեն շուրջ երեք հարիւր կենդանի վկայութիւններ օտարներուն կողմէ, որոնք մարդասիրական օգնութիւն կատարած են հայերուն ցեղասպանութեան շրջանին ու միաժամանակ ականատես դարձած՝ անոնց ահաւոր տառապանքին: Ականատեսի վկաներէն, Մարիա Ճէյքըպսըն, «մամա» անունով ծանօթ Թռչնոց Բոյնի հիմնադիրը, հետեւեալ վկայութիւն տուած է՝ «ես իմ աչքերով տեսած եմ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը. հետեւաբար, ես լուռ չեմ կրնար մնալ»: Եւ լուռ չմնաց։ Կ’ուզեմ նաեւ յայտնել, որ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է «Կիլիկիոյ Պարպումին Առնչուած Վաւերագիրներ» աշխատասիրութիւն մը, երկու հատորներով:

Այո՛, մենք պարտաւոր ենք գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ ներկայ ճարտարագիտութեան ընծայած ազդու միջոցներով յիշեցնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը բոլորի՛ն, ներառեալ թուրք նոր սերունդին: Մենք պէտք է յիշեցնենք մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը յատկապէս մեր նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք կարենան պատմական, քաղաքական ու իրաւական միջոցներով զինուած, արդարութիւն պահանջել իրենց ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին համար:

Երրորդ, Մենք պիտի շարունակենք վերանորոգ կամքով մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ երթը:

Քաղաքական ու քարոզչական աշխատանքներուն առընթեր, հրամայական է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք, մուտք գործել նաեւ իրաւական մարզ: Ծանօթ է ձեզի, որ այս ուղղութեամբ առաջին եւ գործնական քայլը առնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ 2014-ին՝ Թուրք պետութեան դէմ դատ բանալով եւ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Աւելի քան 10 տարիներէ ի վեր կը հետապնդենք յիշեալ դատը ու վճռած ենք ամէն գնով հետամուտ ըլլալ անոր յետագայ զարգացումներուն: Այժմ թղթածրարը կը գտնուի Թուրքիոյ դատական գերագոյն ատեանին մօտ, որուն պիտի յաջորդէ սահմանադրական դատարանը, եւ ապա պիտի ուղղուինք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան:

Մեր եկեղեցին, կուսակցութիւնները ու հայ դատի մարմինները անցնող տասնամեակներուն հսկայ աշխատանք կատարեցին մեր բռնաբարուած իրաւունքներու յիշեցման, այժմէականացման, միջազգայնացման ու քաղաքականացման գծով: Ժամանակն է, որ ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն ու միջազգային յարաբերութիւններու նոր զարգացումներուն ու դասաւորումներուն լոյսին տակ, մեր պահանջատիրական պայքարի ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները եւս լուրջ վերանայման ու վերարժեւորման ենթարկուին:

Չորրորդ, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը յանձնառու ըլլայ Անկախութեան Հռչակագրին, ուր ըսուած թէ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին» (յօդուած 11): Նոյնպէս, Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է հաւատարիմ մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական Հռչակագրին, ուր ըսուած է թէ հայ ժողովուրդը կը վերահաստատէ իր «միասնական կամքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումի հարցով…» (6) եւ կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ «ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (8):

Յիշեալ հռչակագիրները թուղթի վրայ արձանագրուած սովորական խօսքեր չեն. առաջինը՝ Ազգային Ժողովի բեմէն հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնող, իսկ երկրորդը՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու ոգեղէն ներկայութեան կատարուած համազգային ՈՒԽՏեր են: Արդ, Հայաստանի պետութիւնը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր կատարած ուխտին։ Ըլլանք ուխտապահ, ո՛չ՝ ուխտադրուժ։

Որպէս եզրակացութիւն, կարեւորութեամբ կ’ուզենք շեշտել, թէ կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու հատուցումը՝ Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը եւ ինքնավարութեան վերահաստատումը միջազգային երաշխիքով, կրօնական ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը՝ Ազրպէյճանի կողմէ, կը մնան մեր հիմնական պահանջը:

Արդ, «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» նշանաբանը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր պահանջատիրական պայքարին՝ բոլո՛ր ժամանակներուն եւ բոլո՛ր պայմաններուն մէջ, մինչեւ մեր ազգի իրաւունքներուն ամբողջական հատուցումը:

Աղօթք եւ երկրպագութիւն մեր մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն:

Յարգանք ու պատիւ իր նահատակներու սրբազան կտակին հաւատարիմ մեր ժողովուրդին:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

24 Ապրիլ 2026
Անթիլիաս, Լիբանան