
News
«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»Ի ՄԱՍԻՆ

Հայկական Ժառանգութեան Քայլուղիի բացումը Ֆիլատելֆիոյ մէջ, որ շինուած է Փոքր Մհերի արձանին շուրջ (գործ՝ ամերիկահայ հռչակաւոր քանդակագործ Խորէն Տէր Յարութեանի (1909-1991), առիթ մըն է վերստին կարդալու կամ բացայայայտելու «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը։ Ազգային Առաջնորդարանէն տրամադրելի են երեք անգլերէն հատորներ, որոնցմէ երկուքը դիւցազնավէպի ամբողջական թարգմանութիւնն է (Զաւէն Նալպանտեան), դիւցազնավէպի վերապատմումը (Տէյվիտ Խտըրեան) եւ ուսումնասիրութիւններու հատոր մը՝ “David of Sassoun: Critical Studies on the Armenian Epic”։ Կրնաք զանոնք գնել առցանց կամ դիմելով books@armenianprelacy. org հասցէին։
David of Sassoun, the complete translation of the epic by Zaven Nalbandian
David of Sassoun, retold by David Kherdian
David of Sassoun: Critical Studies on the Armenian Epic, a collection of essays