
News
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 14-16 ՄԱՅԻՍԻՆ

Մայիս 14-16-ին, Թեմիիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, Արեւելեան Թեմի աշխարհական եւ կրօնական երեսփոխանները Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը պիտի գումարեն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հիւրընկալութեամբ։ Կրօնական համագումարը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին։
Ժողովի ընթացքին, երեսփոխանները պիտի կատարեն տեղեկագիրներու քննութիւնը եւ քննարկեն Ազգային Առաջնորդարանի վերաբերեալ կրօնական, կրթական, կազմակերպական եւ ֆինանսական գործունէութեան հարցեր։ Երեսփոխանները պիտի քննեն անցեալ տարուան գործունէութիւնը եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնահերթութիւնները։ Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին պիտի կատարուին Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու անդամներու, ինչպէս եւ Առաջնորդ ընտրութիւն։
“Crossroads”-ի յառաջիկայ թիւերուն մէջ պիտի կատարենք մանրամասն տեղեկատուութիւն Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին եւ որոշումներուն մասին։