
News
«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ 40-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՏՕՆԷ

Այս տարի, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» իր 40-ամեակը կը տօնէ։ Երեքշաբթի, 5 Մայիսին, 40-ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբը իր առաջին առցանց ժողովը կատարեց, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, ու մասնակցութեամբ լսարանի տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի։ Ժողովին կը մասնակցէին տարբեր ծուխերու եւ լսարանի շրջանաւարտներու տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ։ Անոր ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տոքթ. Անոյշ Գույումճեանը եւ Լիզա Եսայեանը յանձնախումբի համա-ատենապետուհիներ նշանակեց։
Քառասնամեակին առիթով, յանձնախումբը կը ծրագրէ կազմակերպել ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։
