
News
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ

Ուրբաթ, 22 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդուեեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւ՝ Վերպ. Հենտրիկ Շահնազարեանի, եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Սերժ Պչաքճեանի։ Հանդիպումը առիթ եղաւ կապեր վերանորոգելու եւ շահեկան խօսակցութիւն ունենալու ազգային հարցերու շուրջ։