
News
ԱԹՈՌԻ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող յիսուն օրերը լրիւ վերապահուած են Յարուցեալ Քրիստոսի փառաբանանքին։ Հոգեգալստեան տօնին յաջորդող եօթը օրերէն ետք է միայն որ Հայ Եկեղեցին կը վերսկսի սուրբերու տօնախմբութեան։ Ուստի, Հոգեգալուստի յաջորդող Կիրակին բացառաբար նուիրուած է Եղիա մարգարէի յիշատակին։ Ապա Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթին՝ Սրբուհիներ Հռիփսիմէին, Գայիանէին եւ իրենց ընկերակիցներուն։ Հինգշաբթին՝ Յովհաննէս Մկրտիչին, իսկ Շաբաթ օր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելուն։
Վերեւ յիշատակուած այս սուրբերը, հակառակ որ տարբեր ժամանակ ու վայրեր ապրած են եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատուկ անհատականութիւնն ու նկարագիրը, այսուհանդերձ հասարակաց գիծ մը ունին՝ բացառիկ նախանձախնդրութիւն եւ սէր Աստուծոյ հանդէպ։ Հին Կտակարանի մէջ, Աքաբ թագաւոր ծանօթ է որպէս իր հայրերու աւանդութենէն շեղող եւ օտար աստուածներու պաշտամունքը Իսրայէլի մէջ տարածող անձ մը։ Եղիա մարգարէ՝ Եհովա Աստուծոյ գլխաւոր ջատագովը, մարտահրաւէր կարդաց ո՛չ միայն թագաւորին ու թագուհիին, այլ Մարտուկ չաստուծոյ հինգ հազար քուրմերուն։ Յովհաննէս Մկրտիչ, ծանօթ՝ Անապատի Ձայնը անունով, գլխատուած է Հերովդէս թագաւորի կողմէ, որովհետեւ պախարակած էր զայն իր յոռի ընթացքին համար։ Հռիփսիմէ ու Գայիանէ կոյսերը եւ իրենց ընկերուհիները, տեղի չտալով տռփասէր Տրդատ թագաւորի ցանկութեանց, նահատակութեամբ ապահոված էին երկնային պսակը։ Եւ վերջապէս Գրիգոր Լուսաւորիչ, Աստուծոյ հանդէպ իր անսասան հաւատարմութեամբ, դատապարտուեցաւ Խոր Վիրապի մէջ տառապալից մահուան ենթարկուելու, թէպետ Նախախնամութեան տնօրինումով դուրս գալով Վիրապէն, պետական մակարդակով Հայոց Քրիստոնէութեան դարձի «ընտրեալ անօթը» եղաւ։
Աշխարհի թագաւորներն ու ղեկավարները, որոնք իրենց գահը կը ժառանգեն կամ կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, բոլորն ալ հրաւիրուած են նմանելու թագաւորներու Թագաւորին եւ տէրերու Տիրոջ, անխտիր հայրութիւն ընելով իրենց հպատակներուն։ Ճիշդ է որ անոնց վստահուած է ամբողջ ազգի մը ղեկավարութիւնը, ապահովութիւնը, արդարութեամբ ղեկավարելը, հպատակներու բարօրութիւնը, փոխադարձաբար վայելելով անոնց յարգանքն ու հնազանդութիւնը, այնուհանդերձ անոնք հաշուետու են իրենց ժողովուրդին, բայց մանաւանդ տիեզերքի Թագաւորին եւ Կառավարիչին Ամէնակալ Աստուձու։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատգամը այս ուղղութեամբ շատ յստակ է. «Անոր որ շատ վստահուած է, շատ պիտի պահանջուի» (Ղկ 12:48)։
Արդարեւ, աշխարհի ղեկավարները իրեց յատուկ դիւանագիտութեամբ կը վարեն իրենց ենթակայ երկիրը կամ երկիրները։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնք չեն յաջողած մնայուն խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն ապահովել մարդկային մեծ ընտանիքին։ Եթէ տիեզերքը երկնային մարմիններով Նախախնամութեան օրինադրութեան հետեւելով այնքան համերաշխութեամբ կ՛ընթանայ, ո՛չ մէկ պատճառ կայ որ Աստուծոյ պատկերով եւ իմաստութեամբ զարդարուած արարածներս չկարողանանք մեր առաքելութիւնը յաջողցնել՝ երկնքի նման երկրի վրայ եւս Աստուծոյ կամքին համաձայն ընթանալով։
Այս մտածումներէն մեկնելով, գիտենք բոլորս, թէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ այնուհետեւ՝ վարչապետի ընտրութիւն։ Ով որ ըլլայ վարչապետը, պարտի ծառայել ժողովուրդին՝ ազգաշէն առաջնահերթութիւններով։ Այսպէս՝ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելով հանդերձ դրացի երկիրներու հետ, պարտի պահպանել երկրին անկախութիւնը եւ ապահովութիւնը իրաւական սահմաններով։ Զարկ տայ տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին։ Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանէ, միաժամանակ անոնց ապահովելով պատուաբեր առժամեայ կեցութիւնը։ Արեւմտեան երկիրներու հետ իր կապը զարգացնելով հանդերձ, պարտի տէր կանգնիլ Հայ Քրիստոնեայի ինքնութեան առհաւատչեայ բարոյական արժէքներուն եւ աւանդութեանց։ Եւ վերջապէս, ըստ կարելւոյն ընթացք չտայ երկրէն ներս կործանարար իրարատեցութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք աղիտալի բաժանարար ջանքերուն։
Այս ոգիով երբ առաջնորդուինք ո՛չ միայն աշխարհացրիւ Հայութիւնը կը ցնծայ, այլ նաեւ Ամենաբարի Աստուծոյ անսահման բարիքները կը տեղան Արարատի ժողովուրդին վրայ՝ զօրանալու, ստեղծագործելու, բարգաւաճելու, որպէսզի ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ շարունակէ դառնալ դրական, գործօն ու կենսական տարր մը։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ