Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ (մահ՝ 8 Յունիս, 1954)

Արշակ Չօպանեան անցեալ դարու առաջին կէսին մեր գրական քննադատութեան եւ հանրային կեանքի ամենէն ծանօթ դէմքերէն մէկը եղած է։

Ծնած է Պոլիս, 15 Յուլիս, 1872-ին։ Յաճախած է Կեդրոնական վարժարան, ուր աշակերտած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանին։ Դեռ պատանի, մօտեցած է «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս ընծայած է ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ թարգմանութիւններ։ Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, 1893-ին մեկնած է Փարիզ, ուր ծանօթացած է ֆրանսացի գրական դէմքերու։

Վերադառնալով Պոլիս, հիմնած է «Ծաղիկ» գրական հանդէսը 1895-ին, սակայն համիտեան ջարդերու օրերուն՝ 1896-ին, կրկին մեկնած է Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն։

1898-ին Չօպանեան հիմնած է «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը հասած է մինչեւ 1911, համախմբելով արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Չօպանեան հրատարակած գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին։ Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը ունեցած է 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։

Արշակ Չօպանեան ստեղծագործած է գրական բոլոր սեռերով։ Բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Արշալոյսի ձայներ» (1891), «Թրթռումներ» (1892) եւ «Քերթուածներ» (1908) գիրքերուն մէջ։ Լոյս տեսած են Չօպանեանի «Թուղթի փառք» (1892) հոգեբանական վիպակը, «Տղու հոգիներ» (1923) պատմուածքներու եւ պատկերներու հաւաքածոն, «Մութ խաւեր» (1893) եւ «Հրաշքը» (1923) թատրերգութիւնները եւ այլ երկեր։

Հայ գրականութեան մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի Չօպանեանի քննադատական եւ գիտական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Հրատարակած է միջնադարեան եւ նոր շրջանի գրական յուշարձաններ՝ Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակներու եւ ընդհանրապէս միջնադարեան հայրեններու ժողովածոները («Նահապետ Քուչակի դիւանը», 1902, «Հայրեններու բուրաստանը», 1940), «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» (1910), «Հայ էջեր» (1912) գիրքերը)։ Կազմած եւ լոյս ընծայած է Պետրոս Դուրեանի (1894) եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1907) երկերը, որոնց նուիրած է նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ։ Չօպանեան առաջինն է, որ Գրիգոր Նարեկացիի ժառանգութիւնը վերլուծած է իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն:

Ան մեծ աշխատանք կատարած է հայ գրականութիւնը եւրոպական հանրութեան  ծանօթացնելու եւ հայ ժողովուրդին դատը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Անձնական կապեր հաստատած է եւրոպացի գրողներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ Թարգմանած է եւ ֆրանսերէնով հրատարակած է հին ու նոր շրջանի հայ բանաստեղծներու բազմաթիւ երկեր։ Այդ աշխատանքին պսակը եղած է «Վարդենիք Հայաստանի» ֆրանսերէն (երեք հատոր, 1918-1929) ժողովածոն։ Ֆրանսական Ակադեմիայէն շքանշան ստացած է թարգմանական իր գործին համար։

Չօպանեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ եղած է։ Անոր ծաւալուն գրական ու հանրային գործունէութիւնը լայն ճանաչում գտած է։ 1933-ին այցելած է Հայաստան։

Մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, Փարիզի մէջ, 8 Յունիս, 1954-ին։