ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Կիրակի, 10 Մարտին, Դատաւորի Կիրակի է։ Օրուան ընթերցումը Յիսուսի առակն է այրիի մը եւ դատաւորի մը մասին (Ղկ 18.1-8)։ Առակին դատաւորը յամառ եւ անսկզբունք կը նկատուի, ու կը գործէ առանց Աստուծմէ վախնալու կամ մարդոցմէ ամչնալու։
Միեւնոյն քաղաքը ապրող այրի մը անիրաւ վերաբերմունքի արժանացած է եւ դատաւորին ներկայացած՝ արդարութեան պահանջով։ Թէեւ անոր դատը արդար է, սակայն դատաւորը կարեւորութիւն չի տար։ Սակայն, այրին կը յարատեւէ եւ կրկին ու կրկին միեւնոյն դիմումը կը կատարէ, մինչեւ որ դատաւորը կ՚որոշէ արդարութիւն տնօրինել այրիէն ազատելու նպատակով։
Առակը կը պատգամէ, որ պէտք է յարատեւենք իրաւունքի ու արդարութեան մեր հետապնդումին մէջ, վստահ ըլլալով, որ յարատեւութիւնը, յատկապէս՝ աղօթքի պարագային, իր հատուցումը կը ստանայ։
Շարական Մեծ Պահքի հինգերորդ Կիրակիի
«Որ պատուիրան ճշմարտութեան աւանդեցեր եկեղեցւոյ, Քրիստոս.
Անսահման ժամանակաւ աղօթել միշտ առ Աստուած հոգւով եւ մտօք։
Որ զբան Քո օրինաց հաստատեցեր գործով մեզ օրինակ,
Հանելով զգիշերն ի գլուխ յաղօթսն Աստուծոյ բնութեամբ մերով տնօրինաբար, որում կրկնի ծունր ամենայն։
Վասն որոյ եւ մեք պաղատեսցուք առ քեզ Քրիստոս, շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման, մաքուր աղօթիւք ըստ անմարմնոցն որ յերկինս։
Աղաչանօք Աստուածածնին անապական քում ծնողին.
Զիմանալի աչս սրտից մերոց բացցես ողորմութեամբ հայիլ ի լոյս քո Քրիստոս»։
(Ճշմարիտ պատուիրան աւանդեցիր եկեղեցիիդ, Քրիստոս,
Որպէսզի անսահման ժամանակով միշտ Աստուծոյ աղօթենք հոգիով ու մտքով,
Դուն օրէնքի պատուիրանը հաստատեցիր մեզի օրինակ տալով գործով՝
Տնօրինաբար մեր բնութեամբ ամբողջ գիշերը Աստուծոյ աղօթելով, որուն առջեւ ամէնքը կը ծնրադրեն։
Ուստի, մենք եւս պաղատինք Քրիստոսի, շնորհէ՛ մեզի, որ միշտ Քու ներկայութեանդ ըլլանք մաքուր աղօթքով երկնքի մէջ գտնուող Անմարմիններուն հետ։
Սուրբ Աստուածածնին՝ անապական Քու ծնողիդ աղաչանքով,
Մեր սրտի աչքերը ողորմութեամբ բաց, որպէսզի նայինք Քու լոյսիդ, Քրիստոս Աստուած)։