ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻՆ
Մեր Տիրոջ այս երեւումով անգամ մը եւս կը վկայենք աստուածային անհուն սիրոյն անզուգական արտայայտութիւնը: Այս առթիւ կ՚ուզեմ ձեր հետ բաժնել չորս կէտեր, քաղուած այս ընթերցումէն:
Առաջին. մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաղաղութեան իշխանն է, եւ միշտ խաղաղութիւն կը բաշխէ: Երկրաւոր իր ծնունդը աւետող հրեշտակները՝ երկրի վրայ խաղաղութիւն պատգամեցին (Ղկ 2.24): Յիսուս երանի՜ ըսաւ խաղաղարարներուն (Մտ 5.9): Ան խաղաղեցուց փոթորիկն ու ալիքները երբ առաքեալները կը նաւարկէին Գալիլիոյ ծովուն վրայ (Մր 4.39): Դարձեալ, երբ Առաքեալները սարսափած էին լսելով անոր մատնութեան գոյժը, Ան հանդարտեցուց զանոնք, ըսելով. «Խաղաղութիւն է որ կը թողում ձեզի, Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յհ 14.27): Իսկ փարատելու համար Թովմասի կասկածը, դարձեալ ողջունեց առաքեալները՝ Խաղաղութիւն ըսելով (Յհ 20.26):
Երկրորդ. Յիսուս Քրիստոս ամենագէտ ըլլալով հանդերձ համբերատար եւ խոնարհ ուսուցիչ է, մանաւանդ անոնց հանդէպ որ կ՚ուզեն իրեն աշակերտիլ: Թովմասի անհաւատութեան դիմաց ուրիշ ուսուցիչ մը թերեւս պախարակէր զինք, սակայն Յիսուսի համար լաւագոյն առիթն էր ատիկա, որպէսզի գործնական քայլերով իր աշակերտին սորվեցնէր ճշմարիտ աշակերտութեան ճամբան: Արդարեւ, Թովմասի համար ցմահ դաս մը եղաւ Քրիստոսի հեզահամբոյր վերաբերմունքը, որուն քարոզիչը դարձաւ մինչեւ Հայաստան եւ հեռաւոր Հնդկաստանները:
Երրորդ. Թովմաս Առաքեալը, եթէ ուզենք արդի լեզուով ներկայացնել, գիտութեան մարդ էր, որ կ՚ուզէր ճշմարտութիւնը հաստատել շօշափելի տուեալներով եւ ոչ թէ մտքի հնարներով կամ ըսի ըսաւներով, թէկուզ հարազատներ ըլլային լրատուները: Այսուհանդերձ իր վերաբերումը կ՚անդրանցնի տրամաբանութեան բոլոր սահմանները: Տասը առաքեալներուն նման Յարուցեալին հաւատալու համար ան չէր բաւականանար զայն տեսնելով միայն, այլ կուրցած, աքցանուած ըլլալով մերժողական ոգիով, Ճշմարտութիւնը իրեն համար ընդունելի էր ո՛չ միայն իր մատները Քրիստոսի ձեռքերուն վրայ գամերուն տեղը խրելով, այլ իր ձեռքը անոր խոցուած կողին մէջ մխրճելով: Եւ երբ Յիսուս յատուկ կ՚երեւի իրեն համար եւ կը քաջալերէ որ գայ եւ իր մատներով ու ձեռքով շօշափէ գամերուն եւ գեղարդին խոցերը, պորոտախօս ու անհաւատ առաքեալը իր տեղը գամուած, միայն կը բացագանչէ, «Իմ Տէրս եւ Աստուածս»:
Չորրորդ: Թովմաս՝ Տիրոջ երեւման բացառիկ առանձնաշնորհման արժանանալով մէկտեղ կորսնցուց Տէրունական Երանին: Յիսուս յայտնելով անհաւատութեան գինը, ըսաւ Թովմասին. «Հաւատացիր, անոր համար որ զի՞ս տեսար. բայց երանի անոնց որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»:
Այժմ քաղենք այս չորս կէտերու պատգամը.
Ա) Քրիստոս բոլոր դարերու խաղաղութեան աղբիւրն է: Յիսուս բոլոր պարագաներու հանգստացուցիչն է, որ անդորրութիւն կը բերէ մեր հոգիներուն, մտքերուն, սրտերուն, եւ ինչու չէ նաեւ մարմիններուն, երբ մեր մտահոգութիւնները յանձնենք իրեն: Ան դեղագիրն է բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին մարմնական, զգացական, յարաբերական, մտային եւ հոգեկան անկանոնութիւններէ: Ան պատրաստ է առանց պայմանի իր խնամքը տրամադրել, անմիջապէս որ խնդրենք, ինչպէս Ի՛նք եւս ապահովցուց ըսելով՝ «Եկէք ինծի բոլոր յոգնածներ եւ ես պիտի հանգչեցնեմ ձեզ», իսկ Պօղոս Առաքեալ՝ արձագանգելով Անոր խօսքին, կ՛ըսէ. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր հասկացողութենէն վեր է, ան պիտի պահպանէ սիրտդ եւ միտքդ Քրիստոսով»: (11.28) (4.7):
Բ) Բարի վարդապետը՝ Յիսուս Քրիստոս, երբեք տեղի չի տար մարտահրաւէրներու: Ան միշտ պատրաստ է դիմագրաւելու որեւէ մարտահրաւէր: Երբ սատանան, կամ Փարիսեցիները եւ կամ կառավարիչը, եւ նոյնիսկ իր աշակերտները մարտահրաւէր կարդացած են, երբեմն մեղմութեամբ, իսկ երբեմն արդար զայրոյթով ան ընթացք տուած է, փորձած է լուսաբանել զանոնք հրամցնելով Ճշմարտութիւնը, եւ միայն Ճշմարտութիւնը:
Գ) Աստուած՝ աղբիւրը համայնական իմաստութեան ու գիտութեան, մարդ արարածը զարդարեց միւս արարածներէն տարբեր իւրայատուկ բարիքով մը, որ է բանականութիւնը: Ան կ՚ակնկալէ, որ մենք լիովին գործածենք զայն: Միաժամանակ մեզ հարստացուցած է հաւատքով եւ չ՚ուզեր որ զայն անտեսենք, այլ անոր միջոցաւ անդրանցնինք նիւթական աշխարհը եւ վայելենք մտքին անհասանելի բարիքներն ու իր պարգեւած Շնորհքը:
Դ) Ըստ Տէրունական խոստումին, անոնք, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան աւելի երանելի են քան անոնք, որոնք ինչ ինչ պատճառներով Աստուծոյ հրաշքները տեսնելէ ետք միայն կը հաւատան: Պատարագի ընթացքին արտասանուած «Հաւատամք»ին մէջ մենք կը խոստովանինք Աստուած որպէս արարիչը բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ բաներուն: Սա միայն հաւատքի հարց չէ, այլ նոյնիսկ այսօրուան գիտական աշխարհը կը հաստատէ որ, որքան որ երեւելի, նոյնքան եւ աներեւոյթ եւ կամ դեռ եւս մեզի անհասանելի իրականութիւններով շրջապատուած ենք: Ահա թէ ինչու միշտ ալ հաւատացած եմ անձնապէս, որ Հաւատք եւ Գիտութիւն երբեք զիրար չեն խաչաձեւեր, այլ զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ երկուքն ալ տարբեր ճամբաներով կը ձգտին ճշմարտութեան, եւ երկուքին աղբիւրը՝ Աստուած է: Ուստի, գործածելով հանդերձ իմացական մեր կարողութիւնները, չզրկենք մենք զմեզ Հաւատքի օրհնութիւններէն:
Աստուածապարգեւ պատգամը ո՛չ միայն որպէս խորհրդածութեան առարկայ այլ նաեւ որպէս դարման պէտք է օգտագործենք մեր առօրեային համար, մանաւանդ՝ երբ պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համաշխարհային համավարակին դիմաց համայն մարդկութիւնը, ընդ որս եւ Քրիստոնեաներս մատնուած ենք աննախընթաց շփոթանքի, վախի ու անորոշութեան:
Չմոռնանք որ Քրիստոնէական մեր հաւատքը՝ ցանուած Բարեգութ Աստուծոյ կողմէ, ոռոգուած Քրիստոսի սուրբ արեամբ, եւ ծաղկած՝ բառին ամբողջական իմաստով յուսալլկումի մթնոլորտին մէջ, մեզի հասած է անցնելով քսան դարերու անպատմելի եւ աննկարագրելի տագնապներու, վախերու, յուսահատութեանց եւ անորոշութեանց փոթորիկներ ու ալիքներ: Հաստատ գիտեմ որ բոլորիս հոգիները ընկճուած են, սրտերը կոտրած են, մտքերը մթագնած են կորսնցնելու աստիճան յարութեամբ խարսխուած մեր հաւատքը, անկարող դարձնելով մեզ տեսնելու Հաւատքի առաւելութիւնը վախի վրայ, բայց մանաւանդ փարատելու ամէն կասկած:
Ուստի, այս Նոր Կիրակի օրը, որ նորոգման անունը կը ստանայ մեր Տիրոջ ամենայաղթ յարութենէն, ինչպէս լուսինը իր լոյսր կը ստանայ արեւէն, ամէնքս ալ, սիրելի հաւատացեալներ, նորոգուինք Առաքեալներուն ուղղուած Յարուցեալին խոստումով. «Ես ձեր հետն եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը»:
Այո՛, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Աստուած երբե՛ք հեռու չէ մեզմէ: Ան մեր հետն է, ինչպէս Խաչեալի կողքին գտնուող կիներուն եւ Առաքեալին, որոնք չէին տեսներ ֆիզիքական աչքերով Անոր ներգործութիւնը: Աստուած մեր հետն է որ կը գործէ բժիշկներու ու հիւանդապահուհիներու հերթական յանձնառութեանց եւ բժշկական հաստատութեանց ընդմէջէն, բոլոր հանրային սպասարկուներուն ընդմէջէն, որոնք մեր կարիքները կը հոգան երբ մեր տուներուն մէջ ապահով առանձնացած ենք, նաեւ գիտական աշխարհի հետազօտողներուն միջոցաւ, որոնք պետական շրջանակներու քաջալերանքով իրենց առաքելութեան մէջ լծուած են համավարակին դարմանը գտնելու:
Եկէք, նորոգուած հաւատքով անդադար աղօթենք, մի՛շտ զգո՛յշ ըլլանք եւ յարատեւօրէն՝ համբերատար: Եւ ինչպէս Քրիստոս ըսաւ «Ես յաղթեցի աշխարհին», մենք եւս յաղթական դուրս պիտի գանք, նորոգուած հաւտքով ու յոյսով, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը. ամէն:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ