ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ LIBRA GROUPԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց պրն. Ճորճ Լոկոթեթիսի այցելութիւնը։ Հիւրը գործադիր ատենապետն է Libra Groupի՝ միջազգային գործարար խմբաւորում մը, որ դուստր ընկերութիւններ ունի աշխարհի տարածքին։ Այս կազմակերպութիւնը ընկերային պատասխանատուութեան խորունկ յանձնառութիւն մը ունի, վարելով 10 ընկերային ծրագիրներ, որոնք աշխարհի տարածքին մարդկային ներուժի զարգացման կը սատարեն՝ կրթական պատեհութիւններ եւ մարդասիրական աջակցութիւն մատակարարելով։
Հանդիպումը առիթ մըն էր հասարակաց շահագրգռութիւն ներկայացնող հարցերու եւ համատեղ աշխատանքի ապագայ հեռանկարներու շուրջ խորհրդակցելու։ Հսնդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը։