ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
2017ին, Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը որդեգրեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական ծրագիրը եւ զայն տարածեց ամբողջ Թեմին վրայ իբրեւ երիտասարդական առաքելութիւն։ Այս ծրագիրը, որուն արդէն կը հետեւին վեց ծուխեր, մեծապէս կը սատարէ մեր պատանիներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմքերու ծանօթացման։ Ս. Սաըգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, «Աղ եւ Լոյս»ի մասին զրուցեց «Սփիւռքի ձայնը» հեռատեսիլի յայտագրի վարիչ տիկ. Կարինէ Քոչարեանի հետ։ Տեսակցութիւնը կրնաք դիտել այստեղ։