Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՏԱԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ


Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

2023ի գարնան եղանակի առաջին Հինգշաբթին, կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ վերանորոգման ոգիով, զոր Նորոգողն տիեզերաց՝ Արարիչն Աստուած, մեր բնութեան մէջ ցանած է, որպէսզի թարմանանք եւ վերաշխուժանանք, միշտ դրական ոգիով յառաջ ընթանալու համար։

Մայր Բնութիւնը իրաւ որ բաց դպրոց մըն է, որ իր դասընթացքները ձրիօրէն կը տրամադրէ գիշեր ու ցերեկ, երբ ականատես կ՛ըլլանք մերկացած բուսական աշխարհի աստիճանական կանաչազարդումին, ծաղկումին եւ ծառերու պտղաբերութեան, հրաւիրելով մեզ որ անդրադառնանք, թէ որքան հոյակապ  է Ստեղծագործութիւնը։

Երբ բնութեան այս հրաշքի մասին կը մտածէի, Առաջնորդարանի մեր յայտագիրներու համակարգող պատասխանատուն ուշադրութեանս յանձնեց, թէ Ազգային Առաջնորդարանի «Արցախի նահատակներու որբերուն ֆոնտ»ը բարեսիրտ նուիրատուի մը կողմէ նոր թափ ստացած էր։ Տարիներ առաջ, Տէր եւ Տիկին մը, որոնք բացարձակապէս չէին ուզած ճանչցուիլ, երեսուն որբերու հոգատարութիւնը ստանձնած էին։ Տարիներու ընթացքին անոնք բարձրացուցած էին իրենց հովանաւորեալներուն թիւը, եւ ահա սքանչացումի արժանի որոշումով, կը ստանձնէին երեք հարիւր որբերու հոգածութիւնը։

Մայր Բնութեան, առանց որեւէ ակնկալութեան բարիքներ բաշխելու գործընթացքի լոյսին տակ, երբ վերլուծեցի այս ամոլին բարեսիրտ արարքը, հեղինակի մը գեղեցիկ հաստատումը յիշեցի։ Լիբանանեան ծագումով ամերիկացի բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ արուեստագէտ Ճպրան Խալիլ Ճպրան հետեւեալը ըսած է․

«Կան անձեր որոնք կու տան առանց ցաւ զգալու,

Ուրախութիւն ալ չեն  փնտռեր,

Եւ ոչ ալ կու տան առաքինութեան համար։

Այլ կու տան, ինչպէս ձորի մէջ մրտենին իր բոյրը կը սփռէ բնութեան մէջ։

Լա՛ւ է տալը,

բայց աւելի լաւ է տալ առանց հարցուելու՝ հասկացողութեամբ»։

Փառք կու տամ Ամենակալին, որ հովիւներու գործակցութեամբ եւ հաւատացեալներու նուիրատուութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Ֆոնտի հանգանակութիւնը հասած է $103.297ի։

Թող Ամենաբարին Աստուած բազմացնէ այնպիսիները, որոնք կու տան առանց որ հարցուի իրենց։ Միաժամանակ, զուարթարար ոգին ցօղէ բոլոր անոնց վրայ, որոնք զրկուած են Տալու  ուրախութիւնը վայելելէ։