Առաջնորդարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

Ատրպէյճանական ոճրային շրջափակման սկզբնաւորութենէն գրեթէ ինն ամիս ետք, Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը իր հրաժարականը յայտարարեց։ 

Յարութիւնեան ըսաւ, թէ «աշխարհում ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական անկայուն վիճակը» եւ «արցախեան ներքաղաքական ու ներհասարակական մթնոլորտը» կը յուշեն ճկունութիւն դրսեւորելու անհրաժեշտութիւնը եւ մօտեցումերու փոփոխութիւնը։

«Նշուածին հասնելու համար Արցախում անհրաժեշտ է հիմնական դերակատարների փոփոխութիւն՝ սկսած ինձնից», հրաժարեալ նախագահը աւելցուց։ «Իմ կենսագրութիւնը եւ դրա հանդէպ Ադրբեջանի վերաբերմունքը արհեստականօրէն ձեւաւորում են մի շարք պայմաններ, որոնք էական խնդիրներ են յարուցում մեր հետագայ քայլերի կառուցման եւ ճկուն քաղաքականութեան վարման տեսանկիւնից: Բացի դրանից, պատերազմում պարտութիւնը եւ դրանից յետոյ երկրում ստեղծուած դժուարութիւններն էականօրէն նուազեցրել են նաեւ իշխանութիւնների, յատկապէս՝ նախագահի նկատմամբ վստահութիւնը, ինչը լրջագոյնս խոչընդոտել է պատշաճ կառավարման հետագայ ընթացքին»։

Ա. Յարութիւնեան յայտնեց, թէ Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբերին, իր պաշտօնական հրաժարականը պիտի ներկայացնէ Արցախի Ազգային Ժողովին։ Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան նոյնպէս հրաժարեցաւ, փոխարինուելով Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ։

Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի նախագահութիւնը ստանձնած էր Մայիս 2020ին եւ այդ պաշտօնը վարած էր Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած 44օրեայ աղէտալի պատերազմին ընթացքին՝ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020ին։