ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ
Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆիլատելֆիայէն մեկնեցաւ Նիւ Ճըրզի։ Երեկոյեան, ան ժամանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ ու եկեղեցւոյ հովիւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, հիւր քահանաներու, դպրաց դասին, հոգաբարձութեան եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու կողմէ։
«Հրաշափառ»ի կանոնական աղօթքէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը ճանչնայ այս եկեղեցին ու համայնքը, որովհետեւ ան իր համալսարանական ուսման տարիներուն զանազան առիթներով այցելած, պատարագած ու քարոզած է այս եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու հաւատացեալներուն։
Ան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ հաւատքի դերին մարդկային կեանքին մէջ։ Հաւատքն է, որ մարդ արարածը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ։ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց մեր հաւատքը վերանորոգելու՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ կեանքին։
Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւատացեալները Աջահամբոյրով ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Յաջորդ առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկի ժողովասրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ քոյր կազմակերպութիւններ ըլլալ կը նշանակէ իրարու օգնել եւ սերտօրէն գործակցիլ, իսկ գործող կառոյցներու ներդաշնակ աշխատանքը կը զօրացնէ համայնքը։ Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց միութիւններուն տարած աշխատանքին համար։
Այնուհետեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յովնանեան վարժարան, ուր ընդունուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչութեան, աշակերտութեան եւ ծնողներուն կողմէ։ Այս առիթով, աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին։
Դպրոցի տնօրէն Սթէֆընի Թորոսեանի եւ ուսուցչակազմի վարիչ Հերա Մախուլեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան խօսքը տուաւ աշակերտներուն, անոնց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Ան յիշեց դպրոցի շինութեան ու կազմաւորման աշխատանքները եւ ընդգծեց անոր դերակատարութիւնը շրջանի հայութեան կեանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վեր առաւ հայ դպրոցին վիճակուած եզակի ու իւրայատուկ դերը հայապահպանման մէջ։
Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը, Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը, Թեմիս Ազգային Վարչութեան ատենապետ գնդ. Արամ Սարաֆեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, վերապատուելիներու ու պաշտօնէութեան կողմէ։
Ընդհանուր ծանօթացման կարճ հանդիպումէ մը ետք, ճաշկերոյթ մատուցուեցաւ ի պատիւ Կաթողիկոսին։ Խօսք առին Վեր. Քալվին Սաղըրեանը եւ Զաւէն Խանճեանը։ Վերջինս ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի բազմակողմանի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ ան իր ծառայութեամբ նոր հմայք տուած է յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայութեան։ Խօսքի աւարտին, պրն. Խանճեան յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Աւետանչական Ընկերակցութեան կողմէ 100.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Դպրեվանքի առաքելութեան ի նպաստ։
Խօսք առնելով, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն, նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու գործակցութեան ու միացեալ ծրագիրներուն։ Ան ընդգծեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութիւնը, զայն նկատելով ո՛չ թէ գործունէութեան մարզերէն մէկը, այլ եկեղեցւոյ էութիւնն իսկ։ Ան ըսաւ, թէ Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ իր աշակերտները աշխարհ ուղարկեց առաքելութիւն մը կատարելու։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Ընկերակցութեան գործունէութիւնը միայն աւետարանական եկեղեցին չի ներառեր, այլ օգտակար կը հանդիսանայ բոլոր այն ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսագործումն է՝ աստուածաբանական ուսման, քրիստոնէական դաստիարակութեան, վկայութեան եւ այլ ծրագիրներու ճամբով։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։