ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՃԷՄԵԱՆ (մահ՝ 28 Նոյեմբեր, 1963)
Նկարիչ Յարութիւն (Արիէլ) Աճէմեան ծնած է Պրուսա (Թուրքիա), 18 Դեկտեմբեր, 1904-ին։ Ութը տարեկանին կ’ուղարկուի Վենետիկ, ուր Մխիթարեան միաբանութեան ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ստացած է նախնական կրթութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ականատես եղած է հօր սպանութեան եւ բաժնուած՝ մօրմէն ու քրոջմէն։ 1919-1922-ին Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին ակ՚աշակերտէ։ Ցոյց տուած է անսովոր կարողութիւն եւ ձիրքեր գծագրութեան-նկարչութեան մէջ, արժանանալով վարժարանի վարչութեան գնահատանքին։ Անոր առաջարկով, Մխիթարեան Ուխտի վարչութիւնն ալ քաջալերած է տաղանդաւոր պատանին եւ յատուկ թոշակով զինք դրած է Վենետիկի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ, զոր աւարտած է 1926-ին ոսկի մետալով։ 1928-ին, պետական փայլուն քննութենէ մը ետք, նկարչութեան ուսուցչապետի տիտղոսը ստացած է՝ պետական դասախօսի իրաւունքով։
Իտալիոյ մէջ դասախօսած է մինչեւ 1931, իսկ այնուհետեւ՝ Փարիզի մէջ (1931-1938)։ 1931-1938-ին, Աճէմեանի կրօնական ու աշխարհիկ նիւթերով նկարները լայնօրէն ցուցադրուած են Փարիզի, Վիեննայի, Վենետիկի եւ Միլանոյի մէջ։
1938-ին փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր ապրած ու ստեղծագործած է մինչեւ կեանքի վերջը։ Աւելի քան 500 պատկերազարդումներ ստեղծած է՝ կրօնական թեմաներով, որոնք լոյս տեսած են կաթոլիկ տարբեր հրատարակութիւններու մէջ։ Քրիստոսի նկարը, զոր ան վերարտադրած է Թորինոյի պատանքէն, մասնագէտներու կողմէ ամենէն ճշգրիտը նկատուած է։ 1958-ին Պիոս ԺԲ. Պապին կողմէ ոսկի մետալի արժանացած է եւ Ս. Գրիգորի կարգի ասպետի տիտղոս ստացած։
Աճէմեան ստեղծած է ազգային թեմաներով պատկերներ, բնանկարներ, դիմանկարներ, հոգեւոր ու աշխարհիկ թեմաներով որմնանկարներ, որոնք կը գտնուին Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական եւ օտար եկեղեցիներու ու վարժարաններու մէջ։